image

Եւրոմիութիւնը մտադիր է վիզային բաց ռէժիմ հաստատել Թուրքիոյ համար

Եւրոմիութիւնը   մտադիր է     վիզային   բաց ռէժիմ  հաստատել   Թուրքիոյ համար

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)-Թուրքիա-ԵՄ գագաթաժողովին Եւրոմիութեան սեւագիր  նախագիծ-առաջարկը   հրապարակուած է, ուր կ'ըսուի, թէ «28 ազգեր»ու դաշնութիւնը պիտի կրկնապատկէ սուրիացի փախստականներու համար Թուրքիոյ յատկացուող գումարը, լրացուցիչ 3 պիլիոն եւրո ($ 3.3 պիլիոն)  տրամադրելով Անգարային, մինչ ԵՄ-ն թուրքերու համար պիտի դիւրացնէ Շէնկէնի տարածքները այցելելու մուտքի արտօնագրային (վիզա) կարգը:  Այս մասին կը փոխանցէ« Տէյլի Սապահ», նշելով, որ Եւրոմիութեան առաջնորդները հրաւիրուած էին գագաթնաժողովի, հետեւելու համար  նոյեմբեր 2015-ին Անգարայի հետ կնքուած պայմանագրի աշխատանքներուն, որու համաձայն Անգարան պիտի կասեցներ գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա եւ Եւրոմիութիւնը  պայմանաւորուած էր նոր փուլ սկսիլ Թուրքիոյ երկար ժամանակ ի վեր  Եւրոմիութեան անդամ դառնալու ձախող փորձերուն: Այս կապակցութեամբ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուն, Պրիւքսէլի մէջ կայացած Թուրքիա- ԵՄ գագաթնաժողովին հանդէս եկած է նոր առաջարկով, կապուած Թուրքիոյ մէջ փախստականներու ճգնաժամի լուծման հարցին, ինչի պատճառով Եւրամիութեան ղեկավարները երկարաձգած են հանդիպումը: Տաւութօղլուի խօսնակը առանց բացայայտելու եղած առաջարկի մասին, լրագրողներուն յայտնած է, որ  Եւրոմիութեան առաջնորդները եղած առաջարկի շուրջ հանդէս եկած են թեր ու դէմ կարծիքներով, հետեւաբար գագաթնաժողովի երկարաձգուած է, միասնական նախագիծ պատրաստելու աշխատանքներ տանելու համար: «Կարգ մը անհրաժեշտ պարզաբանումներ կան, որոնց վրայ կեդրոնացած ձեւով պիտի աշխատինք յառաջիկայ օրերուն»,-աւելցուցած է ան: Տաւութօղլու նախքան գագաթնաժողովը խօսելով, յայտնած է, որ նման մարտահրաւէրներ կրնան յաղթահարուիլ միայն ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ըլլալիք համերաշխութեամբ եւ համագործակցութեամբ: Ան նաեւ ըսած է. «Այսօր ես յոյս ունիմ, որ այս գագաթնաժողովը պիտի չկենդրոնանայ միայն անկանոն գաղթականներու հարցի շուրջ, այլ նաեւ՝ Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան գործընթացին, որ պիտի ըլլայ յաջողութեան պատմութիւն մը եւ շրջադարձային փուլ՝ մեր յարաբերութիւններու մէջ»: