Անցնող օրերուն «Արեւելք»ի խմբագրակազմի անդամներ այցելեցին Արցախ, անոնք եղան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններ եւ այս առթիւ կատարեցին հարցազրոյցներ: Այս ծիրէն ներս «Արեւելք» հարցազրոյց մը կատարեց արցախեան գոյամարտի սկիզբէն ի վեր Շուշի հաստատուած բանաստեղծ Ռոպէրթ Եսայեանին հետ: Ստորեւ՝ հարցազրոյցը.
«Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ աւելի ամրապնդուած ենք եւ յայտնուած նոր իրավիճակի մէջ, որմէ նոր արդիւնքներ պիտի քաղենք»: «Արեւելք»ին ըսաւ արցախցի բանաստեղծ Ռոպէրթ Եսայեան:
Ան նշեց. «Թշնամին ունէր այլ նպատակներ, որպէսզի ինք մեզի թելադրէ իր դրութիւնը, կ'օգտագործէր ռազմական շատ մեծ ուժեր եւ սարքեր, նոյնիսկ գերժամանակակից, բայց չհասաւ ոչ մէկ արդիւնքի: Ընդհակառակը, զրկուեցաւ իր յոխորտանքէն, զոր անընդհատ կը բանեցնէր հայերուն վրայ, յաճախ կը սպառնար, որ պատերազմ կը սկսի, եթէ այսպէս կամ այնպէս վարուին», աւելցուց Եսայեան:
Բանաստեղծին ընկալմամբ եղածը կարեւոր յաղթանակ է, ու ան այս առումով ըսաւ. «Յատկանշական յաղթանակ է, որովհետեւ ձեռք բերուած է մեր մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորի կողմէ, լրացուցիչ ուժ չկար: Մեր զինուորը կատարած է հերոսութիւն: Ազատութեան մէջ ծնած սերունդըբախումներ ունեցաւ բռնակալի հետ եւ յաղթեց: Թշնամին փորձեց խլել յաղթանակը, բայց չյաջողեցաւ. կրկին անգամ պարտութիւն կրեց մեր զինուորի կողմէ»:
Ռոպէրթ Եսայեան երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակի Շուշի: Ան կը վկայէ, թէ ինչպէս Շուշին, աւերակներու մէջէն դուրս գալով, ստացաւ նոր տեսք. «1995-ին Շուշիի մէջ աւերակը կը գերակշռէր: Երբ կը նայիս աւերակին, հոգւոյդ մէջ ինչ որ բան աւերակ կը դառնայ: Տարիներու ընթացքին, յատկապէս այս վերջին 8 տարիներուն, Շուշին լիովին փոխուեցաւ. բաւականին շինարարական աշխատանքներ եղան, նոր շէնքեր կառուցուեցան եւ այս նոր իրավիճակը, եթէ համեմատենք Ստեփանակերտի հետ, մայրաքաղաքը լիովին ուրիշ տեսք ունի, Շուշին եւս աստիճանաբար ձեռք կը բերէ նոր տեսք մը: Յետպատերազմեան շրջանին լիովին փոխուած է Շուշին, շատ քիչ տեղերու մէջ է, որ կը հանդիպինք աւերակի»:
Միշտ, նոր մտայղացումներով կարելի է հարստացնել կեանքը, բաւականին մշակութային հիմնարկներ կան Շուշիի մէջ, կը կազմակերպեն թատրոն, երաժշտական խումբեր, բանաստեղծական երեկոներ, հանդիպումներ, եւայլն...: Շուշեցիները միշտ եղած են նախաձեռնող: Երբեւիցէ առանց աշխատանքի բան չեն պահանջէր: Այստեղ կան նաեւ տարբեր տեղերէ եկած մարդիկ, որոնք նոյնպէս նախաձեռնող են»,- ըսաւ բանաստեղծը «Արեւելք»-ին:
Ստեղծագործող Ռոպէրթ Եսայեան հանրածանօթ անուն է նաեւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ, անոր գործերը լոյս կը տեսնեն տարբեր գրական հանդէսներու մէջ:
Իր ամենանշանաւոր գործն է՝ «Յարութեան ժամանակը», որ բեմականացուած է, եւ արդէն 4 տարիէ ի վեր կը շարունակէ ներկայացուիլ՝ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի բեմերուն վրայ: «Այս ստեղծագործութեան հիմնական գաղափարը այն է, որ Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը խարսխուած է 4 յենասիւներու վրայ՝ Հաւատքը, լեզուն, հողը եւ բանակը, ասոնցմէ մէկուն բացակայութեան դէպքին լիարժէք չէ հայու եւ հայ ազգի կեանքը: «Յարութեան ժամանակը» կոչուած է այս անուանումով, որովհետեւ մեր ազգային այն ժառանգական ոյժը զարթօնք կÿապրի եւ մեր կորսնցուցածները յարութիւն կ'առնեն ու կեանք կը մտնեն», բացայայտեց Եսայեան:
Իր այս ստեղծագորութիւնը մանրամասնելով, ան աւելցուց.- «Ուրիշ գաղափար մըն ալ կայ «Յարութեան ժամանակը» գործին մէջ, այն է, որ տարածքը հայրենիք կը դառնայ, երբ այնտեղ կը հնչէ հայոց լեզուն. երբ հողէն կը յառնի խաչքարը. երբ սփիւռքի մեր եղբայրները կը ձգտին դէպի այդ ոյժը, որովհետեւ իրենց դիմագիծն է. հայրենիքը ամբողջ հայութեան դէմքն է: Հայը աշխարհի մէջ կը գոյատեւէ իր հայրենիքով, առանց հայրենիքի մենք չենք կրնար ունենալ՝ դէմք, դիմագիծ պատմութիւն: Մեր պատմութիւնը նոյնիսկ կը ջնջուի, եթէ մենք չունենանք այսօրուան մեր հայրենիքը եւ չի պաշտպանենք զայն: Մեր հիմնական ուժը յենուած է մեր յաղթանակի վրայ»:
Ժամանակակից բանաստեղծը ունի այլ նշանաւոր աշխատանք մը, «Պատգամ» վերնագրով, որուն ընդմէջէն կը շեշտուի այն միտքը, որ «եթէ այսօր կը յաղթենք Արցախի մէջ, այդ մեր յաղթանակն է Անիի պարիսպներու տակ: Իսկապէս այսօրուան մեր յաղթանակը երկար շղթայի մէկ օղակն է, որ պիտի շարունակուի եւ միացուի մեր արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման երկար ազատութեան շղթային: Թշնամին կը ջանայ այդ օղակը վերացնել, որովհետեւ լաւ գիտէ թէ շղթան կը տանի դէպի մեր արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման: Արցախը այդ շղթային առաջին օղակն է», իր խօսքը եզրափակեց Ռոպէրթ Եսայեան: