image

Երուանդ Խունդկարեանը Սահմանադրական Դատարանի նախագահ չընտրուեցաւ

Երուանդ Խունդկարեանը Սահմանադրական Դատարանի նախագահ չընտրուեցաւ

Սահմանադրական դատարանի նախագահի թեկնածու Երուանդ Խունդկարեանը չէ ընտրուած ՍԴ նախագահի պաշտօնին։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՍԴ նորընտիր դատաւոր Էտկար Շաթիրեանը։

«Քանի որ առաջադրուած միակ թեկնածուն էր եւ ընտրուելու համար անհրաժեշտ թիւով կողմ ձայներ չէ ստացած, ան չէ ընտրուած»,- ըսած է Շաթիրեանը։