Թուրքիա- AKP-ի անդամ Մարգար Եսայեանի երեսփոխանական աթոռը վտանգուած է: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին նախատեսուած ընտրութիւններուն Եսայեան պիտի մասնակցի Պոլսոյ շրջանէն AKP-ի կազմած թեկնածուներու համամասնական ցուցակին 14-րդ դիրքը մինչ 7 Յունիսի ընտրութիւններուն ան կը զբաղեցնէր ցուցակին 12-րդ դիրքը: Հայազգի Եսայեան լրագրող է եւ անոր յօդուածները լոյս կը տեսնեն իշխանական համարուող «Տէյլի Սապահ» պարբերականին մէջ: Նշենք նաեւ, որ Եսայեանի կողքին իրենց թեկնածութիւնները դրած են HDP-ի կողմէ Կարօ Փայլան եւ CHP–ի կողմէ Սէլին Տողան: