Թուրքիա- «Եթէ յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին նախատեսուած ընտրութիւնները խափանուին կրնանք բարդ իրադրութեան մը առջեւ գտնուիլ» Todays Zaman-ին ըսած է, HDP կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան: Փայլան նաեւ ըսած է, որ վերջին դէպքըրուն հետեւանքով Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան հատուածներու բնակիչները կորսնցուցած են իրենց վստահութիւնը երկրի նախագահ Էրտողանին հանդէպ: Փայլան, որ խօսած է լրագրող Եունճա Պոյրազ Տողանին նկատել տուած է, թէ ընտրութիւններուն խափանումը կրնայ աղարտել Թուրքիոյ դէմքը եւ մահացու հարուած տալ երկրի ժողովրդավարական ըմբռնումներուն:Նշենք, որ HDP-ի ցուցակով Պոլսոյ շրջանէն երեսփոխան ընտրուած Փայլան նոյնպէս պիտի մասնակցի յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն: