Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ սուրիացի գաղթականներ անվտանգութեան գօտիին մէջ բնակեցնելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ծրագիրը նկատեց ցեղային մաքրագործում:
Ան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այդ գաղթականները պէտք է վերադառնան իրենց շրջանները եւ ոչ թէ գաղթակայաններ, իսկ սուրիացիներու անվտանգութեան գօտիի մէջ բնակեցումի մասին խօսիլը մերժելի է:
«Եթէ Էրտողան կ՛ուզէ սուրիացիները վերադարձնել, ապա պէտք է սուրիական պետութեան հետ համակարգում կատարէ` ապահովելու համար անոնց անվտանգ վերադարձը այն շրջաններ, ուրկէ հեռացած են, եւ ոչ թէ որոշ շրջանի մը մէջ ցեղային մաքրագործում կատարէ, որովհետեւ ատիկա միջազգային օրէնքին դէմ է», նշեց Մուալլեմ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, թէ Դամասկոս Իտլիպի մէջ գտնուող զինեալներուն շրջանէն հեռանալու մէկէ աւելի առիթներ ընծայեց, սակայն Թուրքիոյ նախագահը չյարգեց Սոչիի համաձայնութեան հիմամբ իր ստանձնած խոստումները:
«Թուրքիան պէտք է ընտրանք մը կատարէ Սուրիոյ դրացի երկիր մը ըլլալու եւ թշնամի երկիր մը ըլլալու միջեւ: Եթէ ընտրէ դրացի երկիր մը ըլլալ, ապա գոյութիւն ունի լուծում մը` Ատանայի համաձայնութիւնը, որ կ՛ապահովէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանին անվտանգութիւնը», ըսաւ սուրիական դիւանագիտութեան պետը:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն