19 Յունուարին կը լրանայ Պոլսոյ «Ակօս» հայկական պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 9-րդ տարին: Այս առթիւ Հրանդի յիշատակը վառ պահելու նպատակով եւ որպէս երախտագիտութիւն անոր գործունէութեան, Երեւանի փողոցներէն մէկը «Հրանդ Տինք» անուանակոչելու կոչ բարձրացուած է: Այս նպատակին համար 19 Յունուարի, ժամը 5ին պիտի կազմակերպուի ստորագրահաւաք եւ Հրանդի յիշատակին նուիրուած երթ: Նախաձեռնութեան մեկնարկը պիտի սկսի Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքի մօտէն, ուր տեղի պիտի ունենայ ստորագրահաւաքը, այնուհետեւ պիտի սկսի երթը՝ դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Երթի եզրափակումը պիտի կատարուի Տինքի յիշատակին նուիրուած մոմավառութեան արարողութեամբ: Կոչ բարձրացնող կողմի նշանաբանն է՝ «Հրանդ ենք բոլորս: Հրանդի յիշատակին տուրք մատուցելը բոլորիս պարտքն է»:
Երթի մասնակցելու հրաւէրին կարելի է ծանօթանալ եւ ընդառաջել հետեւեալ յղումով՝
https://www.facebook.com/events/165861453782144/