«Ռոյթըրզ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ Եմէնի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման նոր նախագիծ մշակուած է, ըստ որուն կոչ կ'ուղղուի Հուսիներուն հրաժարիլ իրենց արտաձգական հրթիռներէն, փոխարէնը ապահովելով Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի կողմէ իրականացուող յարձակումները դադրեցնել տալ, միաժամանակ ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմելու շուրջ համաձայնութեան գալ:
Աղբիւրին համաձայն, թէեւ նախագիծը տակաւին չէ հրապարակուած, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ այն որոշ փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի եւ պիտի նպաստէ 3 տարիներէ ի վեր շարունակուող քաղաքացիական պատերազմը իր աւարտին հասցնելու: