image

«Դուն լռէ՛» Փաուլօ Քոէլօն Իրանի շահին որդիէն պահանջած է լուռ մնալ

«Դուն լռէ՛»  Փաուլօ Քոէլօն Իրանի շահին որդիէն պահանջած է լուռ մնալ

Համաշխարհային գրող Փաուլօ Քոէլօ թուիթըրեան գրառումով մը պատասխանած է Իրանի շահի որդի Ռիտա Պահլաուիի գրառման, որ կոչ կ'ուղղէր ԱՄՆ-ին միջամտելու եւ աջակցելու իրանցի ցուցարարներուն:

Քոէլօ իր գրառման մէջ ըսած է. «Լռէ': Սաւաքը մեռած է, իսկ իրանցի ժողովուրդը ոտքի պիտի կանգնի պաշտպանելու համար իր երկիրը, եթէ ցանկաս, որ CIA 1953 թուականի նման Իրանի մէջ ռազմական յեղաշրջում իրականացնէ»:

Նշենք, որ մօտ չորս տասնամեակներէ ի վեր աքսորավայրի մէջ բնակող Պահլաուի վերջերս «Ռոյթըրզ»ի տուած հարցազրոյզի ժամանակ կոչ ուղղած էր ԱՄՆ իշխանութիւններուն միջամտելու եւ իրանցիները կապի ծառայութիւններով ապահովելու համար, որովհետեւ Իրանի մէջ շարք մը ընկերային ցանցեր արգելափակուած են: