Թուրքիա - Ճեմալ Փաշայի թոռ լրագրող Հասան Ճեմալի դէմ դատական մեղադրագիր հրապարկուած է: Ըստ ամբաստանագրին Ճեմալ կ'ամբաստանուի երկրի նախագահին դէմ վիրաւորանք պարունակող արտայայտութիւններ հրապարակելու մեղադրանքով: Նշենք, որ ամբաստանագիրը հիմնուած է դատական օրէնսգիրքի թիւ 145 եւ 146 յօդուածներուն հիմամբ: Todays Zaman –ի հաղորդմամբ Ճեմալ մասնաւորաբար կը մեղադրուի «Այս արիւնահեղութեան թիւ մէկ պատասխանատուն Պալատի Սուլթանն է» խորագիրը կրող յօդուածին համար, ուր գրած է, թէ «Էրտողան արեան ճանապարհով կը փորձէ Թուրքիոյ նոր Սուլթան դառնալ»: Յիշեցնենք, որ Ճեմալ անցնող Դեկտեմբերին այցելած էր Հայաստան եւ ներկայացուցած Ռուբէն Մելգոնեանի հայերէն թարգմանութեամբ իր «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւնը» հատորը: Ճեմալի Հայաստան այցը ժխտական արձագանքներու հանդիպած էր: Հաւաքին կազմակերպիչներուն անփութութեան ու իր կողմէ անզգոյշ արտայայտութիւններ օգտագործելու հետեւանքով անոր դէմ բազմերանգ քննադատութիւններ հնչած էին: Ճեմալ ԱՍԱԼԱ-ի գործիչները անուանած էր Չէթէ բան մը, որ անընդունելի էր հայկական շրջանակներուն համար