«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Դամասկահայ Անոյշ Քէօրօղլեան-Մարաշլեանը
-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը ներկայիս Դամասկոսի մէջ:
Դամասկոսի արուրձաններուն եւ Ժարամանայի մէջ հանգիստ- խաղաղ վիճակ է եւ ապահովութիւն կը տիրէ:
Ժողովուրդը ուրախ է եւ կը պատրաստուի Ս. Զատկուան տօնին, ամէն մարդ իր գործին գլուխն է, աշակերտներու ուրախ բազմութիւնը կը լեցնեն բոլոր դպրոցները: Դամասկոսի մէջ պատերազմին պատճառով դէպի գիւղեր հեռացած ընտանիքներ կը վերադառնան իրենց տուները:
-Գետնի վրայ ի՞նչ փոփոխութիւններ զգացիք, յատկապէս, որ Արեւելեան Ղութային 90 առ հարիւրը արդէն կը համարուի ազատագրուած Սուրիոյ բանակին կողմէն:
Ժարամանայի մէջ գետնի վրայ զգալի լռութիւն կայ՝ գիշեր թէ ցերեկ: Անցեալ շաբթուընէ արդէն հրասանդներ չեն իյնար, եկեղեցիներու դէմ որ յաճախ սպառնալիքներ կը տեղային՝ այլեւս չկան:Կ'ըսուի թէ 8 տարիներէ ի վեր զինուորութիւն ընողները ծառայութիւնը աւարտած պիտի համարուին:Անցեալ ամիսներուն ժողովուրդը շուկայ երթալու կը վախանար, այսօր շուկաները լեցուն են գնորդներով եւ զբօսնող մարդոցմով, առեւտուրը աւելի բարելաւուած է:
-Շրջանները որ տակաւին կը մնան ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ, արդեօք ինչ որ կերպ սպառնալիք կը համարուի՞ն հայաբնակ եւ քրիստոնէաբնակ շրջաններուն համար:
Տուման եւ միւս շրջանները, որոնք կը մնան ահաբեկչական խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ, բաւական հեռու են հայկական եւ քրիստոնէական շրջաններէն եւ թաղամասերէն՝ Ժաամանա, Պապ Թումա, Պապ Շարքի, Ասսահ, Ապպասիին եւ չեմ կարծեր, որ սպառնալիք դառնան Դամասկոսի համար, սակայն եկող օրերը աւելի ճիշդ պատասխան կու տան:
-Ի՞նչ կը խօսուի ազգային կեանքին մասին, արդեօք աշխոյժութեան նշոյլներ, յոյսեր կա՞ն:
Այս եօթ տարիներուն ընթացքին ամենեւին ազգային կեանքը չէր դադրած իր հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութենէն, բացի քաղաքի ամենավտանգաւոր պահերուն եղած կարճ ընդհատումներէն: Դամասկոսը փոքր, սակայն աշխոյժ գաղութ մըն է, որ ունի պարախումբ, թատերախումբ, երգչախումբ, փողերախումբ, բայց եւ այնպէս ձուլուելու վտանգի տակ է:
Կը կարծեմ որ մեր ազգային կեանքը պիտի բարգաւաճի երբ մեր աւիւն եւ կորովի երիտասարդ տարրը վերադառնայ իր ծննդավայրը, 7 տարուան մէջ մեծ թիւով երիտասարդութիւն կորսնցուցած է այս գաղութը:
-Այս վերջին շրջանի զարգացումները բաւական բարդ եւ դժուար եղան Դամասկոսի համար, արդեօք այդ զարգացումներու լոյսին տակ համայնքին մէջ ապրող մեր հայրենակիցները երբեք մտադի՞ր են լքելու իրենց ծննդավայրը կամ հարազատ քաղաքը՝ Դամասկոսը:
Համայնքը իր բնականոն կեանքով արդէն կը պատրաստուի իր Ս. Զատիկի տօնակատարութիւններուն, ապա Ապրիլ 24-ի յիշատակութեան: Երբ հանդարտ շարունակէ մնալ իրավիճակը, չեմ կարծեր որ մարդիկ գաղթելու եւ Դամասկոսը լքելու մասին կը մտածեն: