image

Bexit-ը 31 Յունուարին

Bexit-ը 31 Յունուարին

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը հաստատած է իր համաձայնութիւնը ԵՄ որոշման, որուն հիմամաբ կ'առաջարկուի ԵՄ–էն Մեծ Բրիտանիոյ դուրս գալու՝ Brexit-ի ժամկէտը յետաձգել մինչեւ 2020 թուականի 31 յունուարը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»ն, համապատասխան որոշման մասին ըսուած է Եւրոխորհուրդի ղեկավար Տանըլտ Թուսքին ուղղուած Ճոնսընի նամակին մէջ, որուն օրինակը տարածած է վարչապետի գրասենեակը: Ճոնսընը նշած է նաեւ, որ կը ցանկար երկիրը Եւրոմիութենէն դուրս բերել մինչեւ նշուած ամսաթիւը:

«Ինչպէս գիտէք, ես ընտրութեան ազատութիւն չունիմ, կրնամ միայն հաստատել Բրիտանիոյ պաշտօնական համաձայնութիւնը Brexit-ի ժամկէտի յետաձգման: Սակայն պէտք է յստակեցնեմ, որ ԵՄ-ի մէջ Բրիտանիոյ անդամակցութեան երկարաձգումը կը վնասէ մեր ժողովրդավարութեան եւ մեր եւրոպացի ընկերներու հետ յարաբերութիւններուն»,- ըսուած է Ճոնսընի նամակին մէջ:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Տանըլտ Թուսքը տեղեկացուցած էր, որ ԵՄ 27 անդամները համաձայնած են յետաձգել Brexit-ը մինչեւ 31 յունուար: