Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ու Պաշտպանութեան նախարար՝ Ճալալ Յարութիւնեան այցելած են Արցախի հարաւ-արեւելեան հատուած: Այս մասին Յարութիւնան գրած է դիմատետրի իր էջին:
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, այսօր Պաշտպանութեան նախարար՝ Ճալալ Յարութիւնեանի եւ մեր երկրի անվտանգութեան համակարգի միւս պատասխանատուներուն հետ այցելած էինք Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան հատուած: Այնտեղ քննարկած ենք այն հիմնական ընելիքները, որոնք պէտք է զսպեն թշնամիի լկտի եւ յարձակողական գործողութիւնները եւ հասցնեն անոր անդառնալի կորուստներ»,- գրած է Յարութիւնեան:
Նախագահը աւելցուցած է, որ, թէ՛ բանակը եւ թէ՛ աշխարհազօրը ամուր կանգնած են իրենց գրաւած դիրքերը եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսական ջանքեր կը գործադրեն:
«Փա՛ռք մեր ժողովուրդի քաջազուն զաւակներուն, որոնց սխրանքներու շնորհիւ ամուր կանգնած ենք մեր հողին»,- եզրափակած է Արցախի նախագահը: