Ազրպէյճան կը շարունակէ կրակի տակ պահել ղարաբաղեան սահմանային հատուածը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցուի ԼՂՀ ՊՆ-ի կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, թէ հակառակորդը երէկ գիշեր հայկական սահմանային դիրքերուն ուղղութեամբ օգտագործած է 60, 82 եւ 120 տրամաչափի հրթիռներ: Հայկական սահմանային ստորաբաժանումները կը շարունակեն զսպիչ գործողութիւններ կիրառել լռեցնելու համար թշնամիի կրակակէտերը: