Հայաստանի քաղաքական դաշտը այս օրերուն մէկ հիմնական օրակարգ ունի՝ նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէ, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 6ին։ Հայաստանեան քաղաքական դաշտի խաղացողները՝ կուսակցութիւնները եւ անոնց ենթակայ կամ համակիր հասարակական կազմակերպութիւնները, բաժնուած են երկու հակադիր ճակատներու միջեւ։ Այսպէս՝ նոր Սահմանադրութեան կողմնակիցները կը պնդեն, թէ Դեկտեմբերի հանրաքուէին ԱՅՈ քուէրակելով՝ երկրին մէջ որակական լուրջ փոփոխութիւններ հնարաւոր պիտի դառնան եւ մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, արդարադատութիւնը սոսկ բառեր պիտի չըլլան, այլեւ՝ պիտի ամրագրուին Հայաստանի իրականութեան մէջ, որպէս պետականութեան հզօրացման ու կայուն զարգացման երաշխիքներ։ Խրամատի միւս կողմը գտնուող ՈՉի կողմնակիցները կը շեշտեն, որ տարիներ շարունակ քուէարկութիւնները կեղծած, խարդախութեամբ իշխանական աթոռներու եւ երկրի հարստութեան տիրացած իշխանութիւնները՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարութեամբ, միայն մէկ նպատակ ունին՝ շարունակաբար մնալ իշխանութեան վրայ։ Նոր Սահմանադրութիւնը այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ իշխանութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ պահելու միջոց, կ՛ըսեն անոնք։
Ժողովուրդը համոզելու համար, ԱՅՈի եւ ՈՉի կողմնակիցները գիշեր-ցերեկ քարոզչական տքնաջան աշխատանք կը տանին։ Շրջաններու բնակիչներուն այցելելու կողքին, իրենց խօսքը կը փորձեն ժողովուրդին հասցնել թերթերէն, կայքէջերէն, ընկերային ցանցերէն, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն եւ այլն։ Այս աղմուկ-աղաղակին մէջ, ԱՅՈի եւ ՈՉի ճամբարներուն միջեւ անտէր-անտիրական մնացած ըլլալու զգացումով ապրող ժողովուրդն է Հայաստանի լուռ մեծամասնութիւնը, որուն անունով կը խօսին ու կ՛երդնուն նոր Սահմանադրութեան թեր ու դէմ երկու կողմերը՝ Հայաստանի քաղաքական բեմի բոլո՛ր դերակատարները։
Այնպէս կը թուի, որ ժողովուրդը ո՛չ ՈՉին, ո՛չ ալ ԱՅՈին լսելու տրամադրութիւն ունի։ Ժողովուրդին համար, բեմին վրայի դերկատարները նո՛յն մարդիկն են, նո՛յն դէմքերը՝ երէկուան եւ այսօրուան իշխանաւորները կամ իշխանութեան ձգտողները, որոնք երբեմն եղած են դաշնակիցներ, երբեմն՝ ոխերիմ հակառակորդներ։ Իւրաքանչիւր ընտրութեան նախօրէին գեղեցիկ, վարդագոյն խոստումներ շռայլած են անոնք հանրութեան, ապա խաբած են, կեղծած, կողոպտած եւ ժողովուրդին հաշուոյն հարստացած, յղփացած եւ անտանելիօրէն լկտիացած։ Կը բաւէ, որ հանրաքուէին նիւթով կարճ զրոյց մը ունենան սովորական քաղաքացիներու հետ եւ արդէն իսկ բացայայտ կը դառնայ անոնց ամբողջական անտարբերութիւնը՝ քաղաքական այս յոյժ կարեւոր գործընթացին վերաբերեալ։ Ի հարկէ, մեծ է թիւը անոնց, որոնք ԱՅՈի կամ ՈՉի կողմնակիցներ են, բայց հանրութեան մեծամասնութիւնը վարակուած է անտարբերութեամբ։ Քաղաքական գիտութիւններուն մէջ կայ political apathy հասկացութիւնը, որ լաւագոյնս կը յարմարի հայաստանեան հանրութեան այսօրուան իրավիճակին։
Ժողովուրդը անտարբեր է, որովհետեւ հիասթափուած է իր քաղաքական վերնախաւէն եւ գործընթացներէն, եւ ինչպէս գերմանացի գրող Էրիխ Մարիա Ռեմարք կ՛ըսէ՝ «Հիասթափութիւնն է ամենազօրեղ ցգացումը։ Ո՛չ վիրաւորանքը, ո՛չ նախանձը եւ ոչ իսկ ատելութիւնը… Ասոնցմէ ետք հոգիին մէջ ինչ որ բան կը մնայ, իսկ հիասթափութենէն ետք՝ միայն դատարկութիւն»։
Անտարբերութիւնը շա՜տ աւելի վտանգաւոր է քան ժողովրդային մասսաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող՝ թէկուզ եւ բուռն ու կրքոտ քաղաքական վէճն ու մրցակցութիւնը։ Ի վերջոյ, քաղաքական մրցակցութիւնը կրնայ ինչ որ արդիւնք մը տալ, լուծումներու յանգիլ, բայց քաղաքական անտարբերութիւնը միայն մէկ արդիւնք ունի՝ լճացում։
«Ասպարէզ» Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com