image

Այսօր Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ դառնալ ուզողներէն շատերը շահադիտական մօտեցումներ ունին. Տ. Զօհրապ քհյ. Ճիրանեան

Այսօր Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ դառնալ ուզողներէն  շատերը  շահադիտական   մօտեցումներ    ունին. Տ. Զօհրապ քհյ. Ճիրանեան

 Վերջին տարիներուն  հայութեան      ընդհանուր օրակարգին  վրայ աւելցաւ  «Իսլամաց(ու)ած  հայեր»ու խնդիրը:   

Բաւական  բարդ,  բազմաշերտ  ու  տարբեր  նրբութիւններ   ունեցող թղթածրար մը,  որուն  վերաբերեալ   հայութիւնը  մէկ  ու վերջնական     կարծիք  կամ պատկերացում մը չունի:

 Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն  մէջ  ալ  այս թեմային շուրջ   տարբեր  մակարդակի  քննարկումներ կ'ըլլան, յաճախ կը հնչեն   անյստակ   կարծիքներ եւ կը   լսուին «անհասկնալի»   ու  շատ յաճախ անիրական     տեսակէտներ:

  Խնդրին    ամէնէն       կարեւոր   գետինը Պոլսիսն է,  ուր այսօր ալ        կը տրուին   տարբեր մեկնաբանութիւններ, կը կատարուին     դէպքեր  եւ    վերջին  հաշուով   յստակ  է, որ իսլամացած հայերու  թեմայի    հիմնական   «աւազան»ը    դարձած է    արեւմտահայութեան     կեանքի     երբեմնի    սիրտն ու մայրաքաղաք հանդիսացող   Պոլիսը:

 «Արեւելք»  հետամուտ է   լսելու    Պոլսէն հնչող  ձայները, որոնք   թեմային   կը  տիրապետեն  ու գիտեն նաեւ, թէ  ինչ  խնդիրներ, բացթողումներ կամ  մտահոգութիւններ կան    կապուած     առաջին  անգամ  նահատակ Հրանդ  Տինքի        կողմէ բարձրաձայնուած  ՝ «Իսլամացած հայեր»ու խնդրին:

 

  Այս առումով    մենք  հարցազրոյց մ'ունեցանք    Պոլսոյ մէջ  քահանայագործող  եւ  բնիկ ՝ Խարբերդցի (գիւղ ՝ Զառա)  Տ. Զոհրապ քհնյ. Ճիրանեանին   հետ:

 Ստորեւ հարցազրոյցը:

 

-  Արժանապատիւ Տէր Հայրր, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեզի իսլամաց(ու)ած հայերու մասին. Գիտէք Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ի վեր այս հարցը շատ կ'արծարծուի: Կ'ըսուի թէ  3 միլիոնէ աւելի իսլամացած հայեր կան:

 Սկսինք  հոնկէ, որ Թուրքիոյ պետութիւնը մեզ  կը ճանչնայ որպէս կրօնական համայնք   կը  ճանչնայ:  Իսկ գալով  իսլամացած հայերու  խնդրին,   ըսեմ, որ պետական մարմիններուն համար ալ      այդ թեման  շփոթ  կ'առաջացանէ ու յստակ չէ,   թէ   ինչ դասակարգումի մէջ  պէտք է   ըլլան     իսլամացած  հայեր   անունով յայտնի   անհատները:   Չմոռնանք ,  որ  մենք  ՝ թրքահայերս, այս  երկրի  քրիստոնեայ քաղաքացիներն  ենք եւ մեր աղօթքի լեզուն հայերէնն է: Այսօր մեր հայկական դպրոցները կը գործեն, որպէսզի աղօթքի լեզուն սորվինք: Պետութիւնը հայութիւնը որպէս կրօնական  համայնք  կ'ընկալէ եւ նախքան՝ մեր ինքնութեան թուղթին մէջ կրօնքի տեղը կը գրուէր էրմէնի, այսինքն՝ հայ: Մենք կ'ըսէինք հայութիւնը տարբեր բան է, քրիստոնէութիւնը՝ տարբեր: Սակայն պետութեան մօտ նոյնն է:

 Այս  առումով  կ'ուզեմ մտաբերել   եւ ձեր  ընթերցողներուն  հետ կիսել Թուրքիոյ  բանակին  մէջ զինուորագրուած  օրերուս   պատահած   դէպք մը: Մենք ինքնութեան  հին տետրակ մ'ունէինք,  որ  բանակի  ծառայութեան օրերուն   պատկան մարմիններ յարմար  նկատեցին       զայն   նորոգել  ու  ես ալ զինուորութեան չգացած նորոգեցի: Հին տետրակին մէջ կրօնքի սիւնակին մէջ էրմենի (հայ) կը գրէին, ինչպէս որ ըսի, իսկ նորին մէջ փոխուեցաւ եւ սկսան գրել քրիստոնեայ: Զինուորութեան իմ հետս ուրիշ հայ մըն ալ կար: Օր մը հարիւրապետը մեզ կանչեց իր մօտ: Նախ ես մտայ եւ ան ինծի հարցուց, թէ ինչ է տարբերութիւնը քրիստոնեային եւ հայուն: Որովհետեւ ընկերոջս թուղթին մէջ հայ գրուած էր, իսկ իմ թուղթիս մէջ՝ քրիստոնեայ:  Ըսել  կ'ուզեմ, որ այսօր Թուրքիոյ պետական  մարմիններուն մօտ  հայ  եւ քրիստոնեայ  բառերը  նոյն իմաստը  կը կրեն եւ  իրար   համազօր  են:

Անցեալին շատ բաներ գրուեցան այս հարցին շուրջ՝ թէ հաստատութիւնները պէտք է իսլամացած հայերուն օգնութիւն ցուցաբերեն, եկեղեցական թաղական խորհուրդներու մաս կազմեն, եւ այլն: Այս բաներու իրականացումը շատ դժուար է: Ինչպէս կրնանք անոնց թաղական խորհուրդի անդամ ընտրել: Յե՞տոյ... եկեղեցւոյ մէջ մինարէ տնկե՞նք...:  Մեր  նախնիները այս դպրոցը կտակած են, շէնք շինած, եկեղեցի կառուցած,  որպէսզի  այսօր մենք   այն մզկիթի վերածե՞նք:

- Դուք   հարցը ներկայացուցիք    հաշուի առնելով եւ ներկայացնելով   Թուրքիոյ պետութեան   կեցուածքը: Իսկ դուք որպէս կրօնական գործիչ   ինչ  կրնաք  ըսել   բոլոր անոնց, որոնք   պայմաններու բերումով  իսլամը   ընդունած են եւ այսօր կ'ուզեն  իրենց  քրիստոնեայ  արմատներուն վերադառնալ:

 Ճիշդը  ես   այդ լիազօրութինները չունիմ,  ու նոյնիսկ եթէ  ունենամ   դժուար   թէ ընդունիմ    այդ մէկը:

Ըստ իս,   այսօր Թուրքիոյ  մէջ  քրիստոնեայ դառնալ  ուզողներէն  շատերը  անպայման  որոշ  շահ մը կը հետապնդեն: Եթէ  մօտեցումը  անկեղծ է  ապա  ըսելիք չունիմ,  բայց   շատ մը  պարագաներու  խնդիրը այդպէս չէ: Ի հարկէ կան      եւ եղած են դէպքեր,որոնք  արժանի են  յարգանքի:  Օրինակ ես աշակերտներ ունիմ, որոնք պատրիարքարան կ'երթան եւ դիմում կը ներկայացնեն քրիստոնեայ դառնալու համար: Անոնց մէջ կան նաեւ թուրքեր, որոնք կ'ընդունին քրիստոնէութիւնը եւ կը մկրտուին, որպէսզի եկեղեցւոյ     զաւակ  ըլլան:

Կան նաեւ պարագաներ, որոնք ծագումով հայ են եւ անոնք չեն ըսեր թէ ես ալեուիի պէս մեծցած եմ եւ այդ հաւատքով հայ պիտի դառնամ: Անոնք իրենց ազատ կամքով կը մկրտուին եւ քրիստոնէութիւնը կ'ընդունին: Ըստ իս՝ հայ մը պէտք է քրիստոնեայ ըլլայ: Սակայն,  չի խանգարեր, եթէ  իսլամը  ընդունած մէկը   հայութեան  համար բարի  գործ մը ընէ:    Ու ատոր համար  կ'ըսեմ, որ իւրաքանչիւր պարագայ   իր    առանձնայատկութիւնները    ունի: Կան  պարագաներ, որ ընդունելի  են ու կան  պարագաներ  ալ, որոնք շահադիտական  մօտեցումներով իրենք զիրենք  հայ   կը հռչակեն եւ  կ'ուզեն, որպէս քրիստոնեայ   ներկայանալ:

-   Ուրեմն  ձեզի համար, եթէ հայը  քրիստոնեայ չըլլայ կը դադրի  հայ  կոչուելէ:  Օրինակ    Հայաստանի մէջ մեղ է թիւը     աթէիստներուն եւ այս  մէկը կու գայ   խորհրդային  օրերէն:  Ի՞նչ կ'ըսէք այդ մասին:

Հայաստանի մէջ կրնայ ըլլալ, ընդունելի է, որովհետեւ Հայաստանը երկիր է: Հայաստանի մէջ իսլամութեան հետեւողներ ալ   կրնան ըլլալ, որոնք  պիտի ուզեն  մզկիթ     կառուցել: Անոնք հայերէն կը խօսին, սակայն Գուրան կը կարդան, այդ մէկը պետութեան մէջ կարելի է: Սակայն փոքրամասնութեան մէջ փոքրամասնութիւն  ստեղծելը անընդունելի է.... Այդ մէկը հնարաւոր չէ իմ կարծիքովս: Ինծի համար այս մէկը շատ մեծ մտավախութիւն է:

Ես ընկեր մը ունիմ, որ Պաթմանի կողմերը ծնած է եւ որպէս իսլամ մեծցած է, սակայն աւելի ուշ իմացած է, թէ  իր արմատները հայ են եւ մկրտուած ու քրիստոնեայ դարձած է՝ զաւակներն ալ նոյնպէս: Ան երկար տարիներ Տիգրանակերտի մէջ ապրած է եւ հոն գտնուող ժողովուրդը լաւ կը ճանչնայ: Օր մը  անոր հարց   տուի այն մասին, թէ    տեղեկութիւններ կան , որ  Տիգրանակերտի մէջ կ'ապրին  մեծ թիւով  հայեր  ինչ է իրական պատկերը: Ու ան  անվարան ըսաւ, թէ անոնք հայութեան հետ կապ  մը չունին եւ պարզապէս իրենք զիրենք հայ կը ձեւացնեն, որովհետեւ այդ շրջաններուն   մէջ  բազմաթիւ հայկական լքուած գիւղեր կան եւ անոնց նպատակը այդ հողերուն տիրանալն է:

Ժամանակին, Թուրքիոյ մէջ, թուրքերը քրիստոնէութիւնը կ'ընդունէին, ինչո՞ւ գիտէք. իբրեւ գաղթական Գերմանիա փախչելու համար եւ հոն կ'ըսէին, թէ իրենք քրիստոնեայ են ու Թուրքիոյ մէջ ճնշումի  եւ հալածանքի ենթարկուած են եւ այլն: Կամ նոյնպէս թուրքը կ'երթար եւ կ'ըսէր, թէ Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան եղած  է ու  անոր համար հալածուած: Այսպիսի դէպքեր շատ պատահեցան, մարդիկ ուղղակի սկսան օգտագործել այս պարագան տարբեր շահեր հետապնդելով:

- Ուրեմն  ձեր կարծիքով այս խնդիրը վտանգաւոր է: Նոյնիսկ Պատրիարքարանը մեղադրուեցաւ այս հարցով ու  Հայաստանի մէջ   լուրեր տարածուեցան  այն մասին,  որ  մեր  եկեղեցին կտրականապէս կը մերժէ Անոնց «տունդարձ»ը: Ինչ կ'ըսէք  այս   մասին:  

Անշուշտ, ըստ իս վտանգաւոր է: Եւ  օրին    ալ պատրիարքական ընդհանուր  փոխանորդ Տ.  Արամ արք. Աթէշեանը  իրաւունք ունէր, որովհետեւ ան արթուն եւ խոհեմ անձնաւորութիւն  է եւ ինք տիգրանակերտցի է, այսինքն հոն ապրող ժողովուրդին ծանօթ է, հետեւաբար անոնց նպատակը շատ լաւ գիտէր:

- Կարծես այս երեւոյթը ընդհանրացաւ եւ ձեր ըսածը շատ տրամաբանական է՝ մարդիկ կամ ճամբորդելու, կամ այդ լքուած հողերուն տէր դառնալու համար այս առիթը սկսան օգտագործել:

 Սուրբ Զատկուան  տօնին  առթիւ  Տիգրանակերտ պատարագի գացած էի, հոն մարդ մը մօտեցաւ եւ ըսաւ, թէ  Սրբազանը իր այս վերաբերմունքով վիրաւորեց մեզ, մեր նպատակը հաւաքուիլ է հոս, իսկ ան տարբեր կարծիքներ կը յայտնէ: Ըսաւ նաեւ ,թէ անոնք հայ են, սակայն իսլամութեան կը հետեւին...: Ինչ որ ձեզի ըսի նոյնն ալ իրեն ըսի. պետութիւնը որպէս ինչ պէտք է ընդունի ձեզ: Ինքզինք Սասուն անուանած է. ի'նչ Սասուն... կարեւորը ինքնութեան թուղթին մէջ ի'նչ է: Եթէ իսկապէս հայ է՝ կրնայ երթալ դատարան եւ շատ դիւրութեամբ փոխել անունը: Սակայն ատկէ ետք ինչպէս պիտի կրնայ այդտեղ ապրիլ...  Իրենք զիրենք, որպէս  իսլամացած   հայեր  ներկայացնողները,   դիմատետրիէջ մըն ալ ունին՝ «muslumanlasmis ermeniler» (իսլամացած հայեր):

Մարդիկ իրենց քրտինքէն կաթիլ առ կաթիլ աւելցուցած եւ եկեղեցի կառուցած են, որ Քրիստոս փառաւորուի, Մեսրոպ Մաշտոցին շարականները երգուին, անոր ստեղծած գիրերով շարականներ կարդանք: Սակայն անոնք պիտի գան   «նամազ»   պիտի ընեն ու վերջն ալ եկեղեցւոյ գմբէթին  տեղ  մինարէ մը տնկեն...:

Իսլամացած հայերու  խնդիրը շատ  նուրբ  խնդիր մըն է եւ         իւրաքանչիւր պարագայ իր պայմաններով, անկեղծ  մօտեցումով , կամ շահադիտական  հայացքով կը տարբերի      միւս   պարագաներէն... ու ատոր համար է, որ կ'ըսեմ, որ    այս խնդրով  պարտաւոր ենք  արթուն եւ զգոյշ ըլլալ:

 

 Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի