Այս փուլին կառավարութեան անկումը Քիչ առաջ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Հասան Նասրալլա դրական որակեց օրերս հանրութեան ներկայացուած տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը. Նասրալլա այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ «Այդ որոշումները միայն թուղթի վրայ, որպէս մելան մնալիք որոշումներ չէին, այլ անպայման պիտի գործադրուին եւ յստակ ժամկէտներու մէջ»։
Նասրալլա նաեւ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ իր կողմէ արտասանուած խօսքին սխալ մեկնաբանութիւններուն դիտել տալով, որ «Անցեալ շաբաթ ուղղած իմ խօսքը, ոչ մէկ կերպ ուղղուած էր ցուցարարներուն դէմ»։
Ան նաեւ նշեց, որ «Մինչեւ հիմա տեղի ունեցած զարգացումներուն մէջ դրական կէտեր կան եւ այդ առումով ամէնէն աւելի դրական կէտն այն է, որ բոլոր մարդիկ առիթ ունեցան ազատօրէն իրենց տեսակէտն արտայայտելու», նշելով, որ «Կառավարութեան կողմէ նախատեսուած տարեկան պիւտճէի հաստատման ծրագրին մէջ կային հարկեր եւ այդ հարկերը ընդունելի չէին.Ես կ՚ընդունիմ այդ մէկը։ Եւ այս ցոյցերը այդ առումով ալ դրական վիճակ մը ստեղծեցին, եւ առիթ տուին պետական գործիչներուն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց մօտեցումները»։
Նասրալլա խօս դրական համարեց օրերս հանրութեան ներկայացուած տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրը։
Շիիթ առաջնորդը դատապարտեց կարգ մը կողմերու մօտեցումները նշելով, որ իր ունեցած տուեալներով կարգ մը քաղաքական կողմեր ժողովուրդէն կը պահանջեն հայհոյանքներ ուղղել այս կամ այն կողմի հասցէին, բան մը ըստ Նասրալլայի խիստ դատապարտելի է։
«Հըզպալլա»ի առաջնորդը նաեւ հաւաստեց, որ իրենք գործակցելով կարգ մը ուժերու հետ խորհրդարանին մէջ առաջ պիտի քաշեն ապօրինի կերպով պետական կառոյցներէն առնուած գումարներու վերադարձը ապահովող օրինագծի մը քննարկումն ու վաւերացումը։
Նասրալլա նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը տապալի երկրին մէջ պարապութիւն պիտի ստեղծուի եւ այդ մէկը կրնայ երկիրը տանիլ քաոսի, որուն իրենք դէմ են կտրականապէս. Շիիթ առաջնորդը նաեւ նշեց, որ իրենք պատրաստ են լսել բոլոր քննադատութիւնները եւ քան թէ երկիրը տեսնել ամբողջական քաոսի մէջ. «Ամենավտանգաւորը երկրին մէջ դատարկութիւնն է» եզրակացուց Սէյիտ Հասան Նասրալլան։
Նասրալլա անդրադարձաւ ճանապարհներ փակելու երեւոյթին, ըսելով, որ կարգ մը շրջաններու մէջ վտանգաւոր երեւոյթներ տեսանելի դարձած են եւ մեզ կը յիշեցնեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն տիրող ծանր վիճակը եւ այդ մէկը մերժելի ու դատապարտելի է։
Շիիթ առաջնորդը հերքելով բոլոր տեսակի զրպարտութիւնները նշեց, ցուցարարներուն միջեւ բախումներ հրահրելու մասին իրենց ուղղուած բոլոր տիպի մեղադրանքները սուտ եւ անհիմն են։