image

Աւարտեցան Իսրայէլի ընտրութիւնները. Նաթանիահու եւ Պէնի Կանց հաւասար

Աւարտեցան Իսրայէլի ընտրութիւնները. Նաթանիահու եւ Պէնի Կանց հաւասար

Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւնները փակուղի մտած են. քուէարկութիւններու արդիւնքով առաջատար համարուած է երկու կուսակցութիւն, կը հաղորդէ Channel 12 հեռուստաալիքը, հրապարակելով Իսրայէլի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալները:

Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի «Լիքուտ» աջակողմեան կուսակցութիւնը եւ նորաստեղծ «Կախոլ լաւան» ձախակեդրոն կուսակցութիւնը ձայներու 91 տոկոսի ոչ պաշտօնական հաշուարկէն ետք Քնեսեթի մէջ հաւասար տեղեր ստացած են:

Արդիւնքներու համաձայն՝ երկու կուսակցութիւնները կը ստանան 32-ական տեղ: Յաջորդը՝ 12 տեղով՝ «Ընդհանուր ցուցակն» է: Ասոնց կը յաջորդեն ուլթրակրօնական «ՇԱՍ» եւ ազգային-հայրենասիրական «Մեր տունն Իսրայէլն է» կուսակցութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը զբաղեցնէ 9-ական տեղ:

Այսպիսով՝ աջակողմեան պլոքը ունի ընդհանուր առմամբ 56 տեղ, ձախակեդրոնը՝ 55, եւս 9-ը՝  «Մեր տունն Իսրայէլն է» կուսակցութեան առաջնորդ Աւիկտոր Լիպըրմանը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ ձայներու մեծամասնութիւնը արդէն հաշուարկուած է, սակայն ընտրութիւններու նկատմամբ հանրային ուշադրութեան պատճառով ԿԸՅ-ն վերահաշուարկ պիտի կատարէ՝ ճշգրիտ արդիւնքները հրապարակելու համար:

ԿԸՅ-ի պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ ձայներու 25,7 տոկոսի հաշուարկէն ետք Նաթանիահուի կուսակցութիւնը փոքր առաւելութիւն ունի «Կախոլ լաւանի» նկատմամբ՝ 28,4 տոկոս՝ 25,4 տոկոսի դիմաց:

Ընտրութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ պիտի որոշուի 22-րդ գումարման Քնեսեթի 120 հոգինոց կազմը, որմէ ետք պիտի ձեւաւորուի կառավարական դաշինքը եւ պիտի նշանակուի վարչապետ: