image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի մէջ ըստ վերջին տուեալներով սպաննուած են 64 սուրիացի զինեալներ

Ատրպէյճանի մէջ   ըստ  վերջին   տուեալներով սպաննուած են 64  սուրիացի  զինեալներ

Լիբանանեան «Ալ Ախպար»ը կը գրէ.

 

Թուրքիոյ հաւատարիմ խմբակցութիւններէն 64 սուրիացի զինեալներ սպանուած են Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարտերու ընթացքին. այս մասին գրած է   լիբանանեան  «Ալ Ախպար»   պարբերականի յղում  ընելով «Ալ Մարսատ  ալ սուրի»  կայքին։  

 

 Յիշեցնենք, որ   վերջին ժամանակներուն մէկէ  աւելի աղբիւրներ    լուր տարածած էին նշելով,  որ    Ատրպէյճան  հասած     սուրիացի զինեալներուն թիւը կը գերազանցէ 4000-ը։