Արժանթինի բանակի կայքը «Տահէշ»ի կողմէ ցանցահէններու յարձակման ենթարկուած է
Արժանթինի բանակը յայտարարած է, որ ցանցահէններ (հաքըր) ներթափանցած են բանակի պաշտօնական կայքը եւ նկարներ հրապարակած են անոր էջին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ճատիտ», նշելով, որ կ'նթադրուի, որ այդ նկարները ահաբեկչական կազմակերպութիւն Տահէշի անդամներու նկարներն են:
Կայքէջին անոնք գրառում մըն ալ կատարած են ուր կ'ըսուի. «Սա սպառնալիք է. Իսլամական Պետութիւնը Արժանթինի մէջ է եւ շուտով մեր մասին պիտի լսէք»:
Անոնք նաեւ սեւ զգեստով մարդոց նկար տարածած են, որ շուրջ 20 վայրկեան կայքին վրայ մնացած է, մինչեւ բանակի կողմէ ջնջուիլը:
Պուէոս Այրեսի մէջ Բանակի կապի վարչութեան խօսնակ Տոլորէս Սան Մարթին ըսած է, որ բանակը դեռ չէ պարզաբանած կայքը ներթափանցող կողմը եւ այդ ուղղութեամբ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, նշելով, որ օդուժի եւ նաւատորմի կայքերը չեն ազդուած ցանցահէններու յարձակումէն: