Վանտալիզմ կատարուած է հայկական եկեղեցւոյ դէմ: Այս մասին կը փոխանցէ 12news ամերիկեանայքը, որ կը նշէ, թէ ամերիկեան Արիզոնա նահանգի Սքոթցտէյլ քաղաքին մէջ անծանօթներ պղծած են հայկական Սուրբ Աբգար եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած խաբքար մը: Կայքը հարցազրոյց մը կատարած է եկեղեցւոյ ճարտարապետ Արթին Գանճեանին հետ, որ իր կարգին յայտնած է, թէ եղածը անընդունելի է եւ դատապարտելի: Գանճեան նաեւ ըսած է, թէ եղածը զուգադիպութիւն մը չէ մանաւանդ որ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող ապրիլեան օրերուն: Նշենք, որ խաչքարը կանգնեցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
