Սուրիական ընդդիմադիր լրատուամիջոցներ յայտարարած են, որ Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութայի մէջ վաճառուող սննդամթերքի որոշ տեսակներու գիները զգալիօրէն նուազած են:
Ըստ նշուած լրատուամիջոցներու փոխանցած տեղեկութիւններուն, գիներու կտրուկ նուազումը պայմանաւորուած է վաճառականներէն մէկուն կողմէ մեծ քանակի սննդամթերքի ներածմամբ, որն իրականացուած է Սուրիոյ կառավարութեան հաւանութեամբ:
Ընդդիմադիր թերթերէն մէկուն պնդմամբ, կառավարութիւնը նշուած վաճառականին արտօնած է օրական 160 թոն սննդամթերք ներածելով ընդհանուրտ մինչեւ 5000 թոն ապրանք հասցնել Արեւելեան Ղութայի շուկաներ:
Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, մինչեւ 2500 լիրայի հասած հացի մէկ տոպրակի արժէքն այժմ 800 լիրայի իջած է: