Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն` նոր «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է եւս 12 քաղաքացիի մօտ: Անոնք բոլորն ալ Հադրութի շրջանէն են՝ միեւնոյն բռնկման օճախէն:
Ընդհանուր առմամբ, COVID-19-ը հաստատուած է 91 մարդու մօտ, որմէ 54-ը արդէն յաղթահարած է հիւանդութիւնը:
Այս պահուն մեկուսացուած է 94 քաղաքացի, ընդհանուր քննութիւններու քանակը 1467 է: