Արամ արք. Աթէշեանը պէտք է հրաժարական տայ: Հրաժարական տայ իր պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն`այդպիսով ճամբայ հարթելով ինը տարիներէ ի վեր «մէկ կողմ» դրուած նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին համար:
Պոլսոյ մէջ գրանցուած վերջին զարգացումները եւ երեւելի դարձած լարումը ցոյց տուաւ մէկ բան: Ցոյց տուաւ, որ համայնքը ամէն գնով կը պահանջէ արդար եւ ազատ ընտրութիւններ եւ այդ ընտրութեանց դիմաց կանգնած թիւ մէկ արգելքը, ոչ թէ Անգարան, այլ՝ Արամ Աթէշեանն է:
Մեր պատմութեան ընթացքին շատ հանդիպած ենք նման դէպքերու, երբ, մեր ներսի «մեղք»ը մէկդի թողնելով, սկսած ենք մեղադրել արտաքին թշնամին, որն այս պարագային՝ Անգարան է:
Սփիւռքը եւ Հայաստանը ոչ մէկ կերպ պատրաստ են կամ փափաք ունին միջամուխ ըլլալ Պոլսոյ պատմական աթոռին նոր պատրիարք մը ընտրելու գործընթացքին:
Հոն առաջին եւ վերջին խօսք ունեցողը պոլսահայն է:
Սամաթիաէն, Պաքըրգիւղէն, Սկիւտարէն, Բանկալթըէն, Ֆէրիգիւղէն, Քուրթուլուշէն եւ այլ բազմաթիւ հայկական թաղամասերէն Գում Գաբու հասնող այն պատգամաւորները, որոնք ազատ եւ թափանցիկ կերպով, խղճով եւ պատասխանատուութիւնը վերցնելու դերով պիտի երթան եւ իրենց քուէները նետեն Պոլսոյ պատրիարքարանի ընտրական սնտուկին մէջ:
Ու այստեղ յստակ է նաեւ, որ ոչ ոք կրնայ Արամ Սրբազանին ըսել՝ թեկնածու մի ըլլար:
Այսօր այդ չէ դրուած խնդիրը, այլ ինը տարիներու «համբերութեան բաժակ»ի վերջին կաթիլը յորդած է եւ համայն հայութիւնը (հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը) կը սպասէ Արամ Սրբազանի պատմական որոշումին:
Արամ Աթէշեանը իր սխալ «համարձակութիւններ»ով հատեց ընդունելիի բոլոր սահմանները եւ անոր՝ Անգարայի առջեւ հաճոյ երեւալու բոլոր փորձերը տապալած են ու հակառակ ազդեցութիւն գործած:
Այլ խօսք, եթէ ան Պունտէսթակի հայանպաստ որոշումին համար լուռ մնար ու իր տխրահռչակ նամակը չհրապարակէր:
Այսօր Արամ Աթէշեանը այդ նամակին գինը պիտի վճարէ: Այլընտրանք չկայ:
Ետդարձ չկայ:
Հայութեան հայացքները այսօր ուղղուած են դէպի Մայր Աթոռ, ուր կը սպասուի, որ պիտի հրապարակուի համապատասխան հաղորդագրութիւն եւ ի լուր հայաշխարհի պիտի լսուի Արամ Աթէշեանի հրաժարման «աւետիս»ը:
Ատկէ ետք ալ, արդէն կը բացուի նոր էջ եւ պատրիարքական ընտրութեան համար աշխատանք տանող կողմերը կ'անցնին գործի:
Թէ ով պիտի նստի այդ պատմական աթոռին, այդ ձգուած է պոլսահայ համայնքի արթուն խղճին, որուն հիւսկէններուն մէջ կաթիլ մը Հրանդ Տինք կայ:
Երէկ Մայր Աթոռի շնորհաշատ սրբազաններէն մին ըսաւ. «Պոլսահայ համայնքը ընկրկելու իրաւունք չունի, այնքան ժամանակ, որ այդ համայնքը տուած է Հրանդ Տինքի նման նուիրեալ մը»:
Օրուան լրումին հետ պարզ պիտի դառնայ ամէն ինչ ու բոլոր ուղղութիւնները, բոլոր տրամադրութիւնները ցոյց կու տան, որ Արամ Աթէշեանը այլընտրանք չունի, եւ ան առանց յապաղելու պէտք է ներկայացնէ իր հրաժարականը:
«Ա»