image
Հրատապ լուրեր:

Սաատ Հարիրին այլընտրանք չունի

Սաատ  Հարիրին այլընտրանք  չունի

Անկախ Սէուտական Արաբիոյ ոչ խանդավառ եւ նոյնիսկ «գաղջ» մօտեցումներէն, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին կը շարունակէ մնալ երկրի վարչապետի պաշտօնի համար թիւ մէկ յաւակնորդը։

 Ներ-սիւննիական խոհանոցին մէջ կայուն դիրք ունեցող Հարիրին իր վերջին տարիներու կեցուածքներով կը շարունակէ համարուիլ ոչ միայն սիւններու «սիրուած» առաջնորդը, այլ նաեւ վստահելի գործընկերը երկրի շիիթ- զոյգին, այսինքն «Հըզպալլա»ին եւ «Ամալ» շարժումին։

Ի դէպ Հարիրիի հանդէպ իր հերթական վստահութիւնը յայտնելով  խորհրդարանի  նախագահ Նէպիհ Պըրրի օրեր առաջ ընթացք կու տար նոր նախաձեռնութեան մը, որուն «կեդրոնական դէմք»ը Սաատ Հարիրին էր։

Պըրիի, որ կը համարուի Լիբանանի ներ-քաղաքական կեանքի հիմնական «տինամո»ն միշտ ալ անզիջող է իր տեսակէտներուն մէջ ու յստակ է նաեւ, որ անոր ունեցած երկար տարիներու «քաղաքական հոտառութիւն»ը միշտ ալ տուած է դրական արդիւնքներ։

 

Շատեր հարց պիտի տան ինչ պատճառներու բերումով Հարիրի կը շարունակէ վարչապետի պաշտօնին համար «վազող» գլխաւոր յաւակնորդ եւ ինչու իր հօր սպաննութեան խնդրով «Հըզպալլա»ի հետ մեծ տարակարծութիւն ունեցող լիտըրը կը համարուի «Հըզպալլա»ի բարեկամ- գործիչ մը, պարզ այն պատճառով, որ հակառակ իր դէմ եղած մեծ ճնշումներուն Հարիրի չգնաց մեծ բախումներ հրահրելու ճանապարհով ու այդ պատճառով ալ ձեւով մը պատժուեցաւ, երբ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պըն Սըլմանի ճնշումներով հրաժարական տուաւ եւ հանդէս եկաւ յատուկ յայտարարութեամբ, ուր նաեւ բացայայտեց, որ «Հըզպալլա» չի յարգէր խաղի այն կանոնները, որոնց հիմքով շիիթ կուսակցութիւնը պիտի որդեգրէր եւ գործի դնէր «չէզոք երկիր» մը դառնալու հիմնարար կանոնները։

 Անշուշտ սէուտցիներու ուզածը միայն Հարիրիի հրաժարականը չէր, ու դժուար է ըսել, որ Սուրիոյ մէջ անոնց (սէուտցիներու) կրած մեծ հարուածներէն ետք, անոնք կը փորձէին Պէյրութը նոր խաղադաշտ մը դարձնել եւ Սուրիոյ մէջ մեծ իրագործումներ իրականացուցած «Հըզպալլա»ն պատժել այս անգամ իր տան ՝ Պէյրութի մէջ։

 Չյաջողեցաւ այդ քայլը եւ Հարիրի հակառակ իր ունեցած ամենատարբեր հաշուարկներուն եւ նոյնիսկ «Հըզպալլա»ի հանդէպ որդեգրուած բացայայտ վերապահութիւններուն մերժեց քալել Պըն Սըլմանի գծած ճանապարհով ու այդ պատճառով ալ կրեց մեծ վնասներ։

 Վնասներ, որոնց դիմաց մեծագոյն շահողը Լիբանանի անվտանգութիւնն ու մանաւանդ ապահովական կայունութիւնն էր։

 Այս կարեւոր մանրամասնութիւններէն անդին արդէն իսկ յստակ դարձած է, որ հակառակ սէուտական կողմին Հարիրէն «մասնակի» կերպով երես թեքելուն, ան կարողացաւ պահպանել սիւններու միակ լիտէր ըլլալու հանգամանքը։

 Նիւթականով ոչ այնքան ուժեղ, բայց եւ այնպէս ներքին- քաղաքական մակարդակի վրայ ունենալով կարեւոր նեցուկ եւ յենարան։

 Այսօր ալ Հարիրիի հանդէպ առկայ ժողովրդային նեցուկը եւ վստահութիւնը գրեթէ նոյնն են, ինչ որ էին այն օրերուն, երբ ան նախագահ Մաքրոնի աջակցութեամբ դուրս կու գար իր «աքսոր»էն եւ ափերու վրայ կը վերադառնար Պէյրութեան իր նստավայրը՝ Քըրայթէմ։

 

 Չմոռնանք նաեւ, որ ներկայ փուլին Լիբանանի համար քաղաքական լուծում մը ապահովելու համար կարեւոր գործ տանող միակ առաջատար ղեկավարը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն է, որ նոյնպէս կը համարուի Հարիրիի մեծ նեցուկը եւ ձեւով մը քաղաքական կնքահայր-հովանաւորը։

 Նոյն Մաքրոն, որ կարեւորեց ազգային կառավարութիւն մը կերտելու ընկալումը իր մօտեցումներով եւ առանց անուն տալու լիբանանցիներու յիշեցուց, որ արեւմտեան «ֆրոնթ»ին վրայ Սաատ Հարիրի կը շարունակէ մնալ միակ ընդունելի լիբանանցի գործիչը, աւելի ընդունելի քան երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունը, քրիստոնեայ ղեկավար Սամիր Ժաաժահը, կամ ներքին-քաղաքական կեանքին եւ արաբական աշխարհին համար ընդունելի համարուած խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրին։

 

 Այս պատկերէն անդին երեւելի է, որ երկրի նախագահը ու մասնաւորապէս յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան կարեւոր թեկնածու համարուող նախագահի փեսայ՝ Ժըպրան Պասիլին համար Հարիրիի անունը ընդունելի չէ. սակայն այս կարծր կեցուածքը կրնայ շատ արագօրէն փափկիլ, պայմանաւորուած Պէյրութը աղէտահար դարձուցած «անորոշ» պայթումով, որ նաեւ ինչ որ կերպ պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանը դուրս գայ առկայ պաշարումներէն։

 Անշուշտ հարկ է ըմբռնել ու հասկնալ, որ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները կը կատարուին ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու մեծ սեղանին վրայ, որուն վրայ են նաեւ մէկ կողմէ արաբ-իսրայէլեան «լճացած վիճակ»ը կոտրելի Թրամբեան վարչակարգի ճիգերը (օրինակ մը տալով Պարսից Ծոցի երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ, ոչ օրկանիք եւ բաւական շինծու յարաբերութիւններու բնականոնացումը) եւ միւս կողմէ Ուաշինկթըն-Թեհրան հաւանական համաձայնութեան մը համար ընթացող գաղտնի բանակցութիւնները, որոնց շնորհիւ ալ Թրամբ պիտի փորձէ իր ընտրական հաշիւին վրայ կուտակել «Քորոնա»ի ու անոր տագնապին պատճառով կորսնցուցած միաւորները։

 

Այս վիճակին մէջ ուրեմն Հարիրի կը շարունակէ մնալ «ֆավորիթ» թեկնածու մը, եւ առկայ հարցերուն առընթեր անոր խուսանաւելու կարողութիւնը լաւագոյնս պիտի օգնէ, որ Պէյրութ թեթեւ շունչ մը քաշէ, դուրս գայ տագնապահար վիճակէն եւ կամաց-կամաց մտնէ ներքին տան խնդիրները կարգի բերելու հունին։

 Այլ խօսք, որ այս լուծումներու փուլին մէջ կարեւոր դեր պիտի ունենայ «Հըզպալլա»ն, որուն Եէմէնէն եւ նոյնիսկ Սուրիայէն դուրս գալու ընտրանքները կրնան փարատել Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործի դատավճիռէն մնացած մեծ հարցականները եւ նոյնիսկ պահանջները։

 Յաճախ ներքին ճակատին վրայ եղած մեծ իրադարձութիւնները կրնան ստեղծել քաղաքական նոր օրակարգ ու աւելի քան բացայայտ է, որ գալիք օրակարգը արդէն իսկ կ՚երեւի, որուն համար ալ Սաատ Հարիրի գլխաւոր դերակատար- միջնորդ դառնալու բոլոր նախադրեալները ունի։

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...