Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի պահանջը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, քանի որ եթէ դատական գործընթացները տրամաբանական աւարտի յանգին, կրնայ խթան հանդիսանալ մեզի ոչ միայն պահանջներու մասին խօսելու, այլ զանոնք իրականութիւն դարձնելու համար: Այս մասին NEWS.am-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան:
«Ինչ կը վերաբերի եկեղեցւոյ եւ Թուրքիոյ հայ համայնքի վրայ ճնշման հնարաւոր մեծացման, ապա այդ երկրին մէջ ընթացող գործընթացներու օրինաչափութիւնը կը վկայէ, որ իշխանութիւնները բաց չեն թողեր որոշ իրադարձութիւններու մեղքը հայ համայնքի վրայ դնելու հնարաւորութիւնը: Ուստի այդ մէկը կարելի չէ բացառել նաեւ այս պարագային` հաշուի առնելով նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի առանձնայատկութիւնները եւ կառավարման մեթոտները վերջին շրջանին: Անցած 2 տարուան ընթացքին ընդդիմութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու վրայ ճնշումներն առաւել սուր կ'արտայայտուին: Մենք տեսանք, թէ ինչ ճնշումներ գործադրեցին երկրի իշխանութիւնները Կոստանդնապոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն` իրենց յարմար թեկնածուն առաջ տանելու համար», - ըսած է Սաֆրաստեան:
Պատասխանելով հարցին, թէ կարելի՞ է արդեօք այս պահանջը հետագային քաղաքական նպատակներով օգտագործեն ընդդիմադիր ուժերը կամ միջազգային խաղացողները, թրքագէտը շեշտեց, որ կարեւորը այդ չէ, այլ քայլերու յաջորդականութիւնը մեր պահանջներուն իրագործման ճանապարհին մէջ եւ վերջնական արդիւնքը:
Յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. դատական հայց ներկայացուցած է, որուն համաձայն Անթիլիասը թրքական իշխանութիւններէն կը պահանջէ վերադարձնել պատմական Կիլիկիոյ տարածքը գտնուող Սիսի կաթողիկոսարանը:
Առաջին ատեանի դատարանի դատական նիստը, որ նախատեսուած էր 21 Ապրիլին, յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով: