image

Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ եղաւ Երուսաղէմի յատկացուած Պքէրքէյի արտակարգ ժողովին

Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ եղաւ Երուսաղէմի  յատկացուած Պքէրքէյի արտակարգ ժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա. Կաթողիկոս այսօր մասնակցած է   Մարոնիներու Պքէրքէյի Պատրիարքարանի    արտակարգ ժողովին:  Այս մասին     «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ   Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօրուան  ժողովը  նուիրուած էր  Երուսաղէմի  խնդրին եւ  անոր մասնակցած են    Լիբանանի  քրիստոնեայ եւ իսլամ   գլխաւոր համայնքապետերը:  

Ժողովականները        հրապարակած են  հաղորդագրութիւն մը, ուր    դատապարտած են Տանըլտ  Թրամբի`  Երուսաղէմը   Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումը եւ կոչ ուղղած    անոր    ետ քաշել   այն: Անոնք նաեւ բացատրած են, որ նման  քայլ մը խորապէս  կը վիրաւորէ      միլիառաւոր   իսլամներու եւ քրիստոնեաներու  կրօնական զգացումները:

Ժողովականները  նաեւ  խոր մտահոգութիւն  յայտնած են   Ամերիկայի  այս որոշումին վերաբերեալ՝ յիշեցնելով, որ նման  քայլ մը    կը խափանէ  պաղեստինցիներուն    տունդարձի իրաւունքը, այդպիսով լուրջ  տագնապներու  դուռ  բանալով   այն երկիրներուն  մէջ, ուր     կ'ապրին  հազարաւոր  գաղթական պաղեստինցիներ:

 

 Յիշեցնենք, որ սոյն ժողովին   հանդիսապետած է    Մարոնիներու   Մար   Պշարա  Ռահի Պատրիարքը, որ նաեւ հանդէս  եկած է     յատուկ պատգամով: