ԱՄՆ հետախուզական «Stratfor» կայքը հրապարակած է ամերիկացի քաղաքական վերլուծաբան Չարլզ Կլասի «Սուրիոյ հակամարտութեան արդիւնքը վճռուած է» խորագիրը կրող յօդուածը, ուր հեղինակը կը պատմէ, թէ Ասատի թշնամիները 6,5 տարի տեւած պատերազմէն ետք դէպի իրեն կը վազեն, շեշտելով, որ ԱՄՆ-ի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Սաուտեան Արապիոյ, Քաթարի եւ այլոց հովանաւորութիւնը վայելող ընդդիմութիւնը չկարողացաւ Ասատը հեռացնել իշխանութենէն. «Հակառակ անոր, որ Ասատ յաղթական դուրս եկաւ պատերազմէն, սակայն այդ չի նշանակեր որ այն աւարտած է»,- կարծիք յայտնած է ան:
Կլաս նշած է նաեւ, որ Ասատի վճռակամութիւնը ստիպեց իր թշնամիներուն ընդունելու զինք հեռացնելու անկարելիութեան գաղափարը, միաժամանակ բարձրաձայնելով, որ ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզութեան գործակալութեան տնօրէն Մայք Պոմպիօ անցնող յունուարին Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին հետ կապ հաստատելով փորձած է օգնել վերջինիս անյայտ կորած ամերիկացի լրագրող Օսթին Թայսը գտնելու, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ձեռք բերելու համար Ասատի թշնամի ճիհատիստներուն մասին, որոնք կրնան խաթարել ԱՄՆ-ի անվտանգութիւնը:
Կլաս շարունակելով անդրադարձած է նաեւ Բրիտանիոյ կողմէ ուղարկուած դիւանագիրական խումբին, որուն նպատակն էր Ասատի տրամադրուածութիւնը քննել, այնուհետեւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներ սկսան Դամասկոսի մէջ վերաբանալ 2012 թուականէն փակուած իրենց դեսպանութիւնները:
«Ի տարբերութիւն Պէյրութի, ուր քաղաքացիական պատերազմը 1991 թուականէն աւարտած է, եւ Պաղտատի, որ 2003 թուականին ենթարկուեցաւ ամերիկեան հրթիռակոծութեան, Սուրիա արդէն սկսած է շուրջօրեայ ելեկտրականութեամբ ապահովել իր բնակչութիւնը»,- յայտնած է յօդուածագիրը:
Յօդուածագիրին կարծիքով, Սուրիոյ եւ Աւստրալիոյ հաւաքականներու ֆութպոլի խաղը դիտելու համար հազարաւոր սուրիացիներու Դամասկոսի Ալ Ումաուիին հրապարակ ուղղուիլը խոշորագոյն հաւաքն էր 2012 թուականէն ի վեր, իսկ ինչ կը վերաբերի երկրի արօրեային, դպրոցներն արդէն բնականօն կերպով սկսած են գործել, փողոցները երթեւեկութեամբ խճողուած է, ու երկրին մէջ ժամանցի նոր վայրեր կը բացուին: