image

Ապու Տապիի մէջ «Արամ Խանոյեան» նոր վարժարանի բացումը պիտի կատարուի

Ապու Տապիի մէջ «Արամ Խանոյեան» նոր վարժարանի բացումը պիտի կատարուի

6 մայիսին Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցական համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արա Խանոյեան» հայկական ազգային վարժարանի եւ Սուրէն Կոժակեան սրահի պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Հայկական վարժարանի բացման արարողութիւնը պիտի իրականանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Բացման ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ապու Տապիի Կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար շէյխ Նահեան Պըն Մուպարագ Ալ Նահեանը:

 Նշենք, որ տարիներ շարունակ այլ յարկի տակ գործող հայկական ազգային վարժարանը այսույետ պիտի հանգրուանի նորակառոյց մշտական «Արա Խանոյեան»վարժարանի  շէնքին մէջ: