ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատիի սպանութենէն ետք անոր հաւանական ժառանգորդն է Ապտուլլա Քարտաշը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզուիք» ամսագիրը` մանրամասնելով, որ Պաղտատին տակաւին օգոստոսին Քարտաշը նշանակած էր խմբաւորման մէջ բարձր պաշտօնի:
Ամսագիրին հետախուզական անանուն աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ վերջին շրջանին Պաղտատին խմբաւորման իսկական ղեկավարը չէր, եւ Քարտաշ, փաստօրէն, դարձած է անոր ժառանգորդը:
«Քարտաշը անուանական առաջնորդ էր: Պաղտատին չէր մասնակցեր գործողութիւններուն եւ ամէնօրեայ գործերուն», մանրամասնած է «Նիուզուիք»-ի աղբիւրը եւ աւելցուցած. «Այն ամէնը, ինչ որ ան կ՛ընէր` «այո» կամ «ոչ» ըսելն էր, ան ծրագրումով չէր զբաղեր»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաւանական ժառանգորդներու շարքին նշած էր Պաղտատիի երկու ամէնէն մօտիկ օգնականներ` Ապու Ապտելռահման Ժըզրաուին եւ Ապու Օսման Ֆարանսին:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն