image

Ապահովական միջոցառումներ ԱՄՆ-ի Թէլ Աւիւի դեսպանութեան շուրջ

Ապահովական միջոցառումներ ԱՄՆ-ի  Թէլ Աւիւի  դեսպանութեան շուրջ

Թէլ Աւիւի մէջ մեծ թիւով ոստիկանութեան աշխատակիցներ շրջապատած են ԱՄՆ դեսպանատան շէնքը, նախապատրաստուելով այնտեղ կայանալիք բողոքի ցոյցերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Ցոյցի կազմակերպիչն է Արաբ ժողովուրդներու գերագոյն յանձնաժողովը, որուն նպատակն է ընդդիմանալ օրեր առաջ Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակման որոշման դէմ:

Վերջիններս նաեւ կոչ ուղղած են աշխարհի բոլոր արաբներուն, բողոքի ցոյցերով հանդէս գալու եւ ընդդիմանալու տեղի ունեցածին դէմ: