image

Անուանի հայեր, որոնք մեզմէ հեռացան 2019 թուականին

Անուանի հայեր, որոնք մեզմէ հեռացան 2019 թուականին

2019-ին կեանքէ հեռացած են սփորտթի, մշակոյթի ու հոգեւոր աշխարհի հայազգի ներկայացուցիչներ, որոնց ներդրումը յաւերժ պիտի մնայ համաշխարհային պատմութեան մէջ: Անցեալ տարի մահացած յայտնի հայերու ցանկը կազմած է rusarminfo-ն:

 

Միշել Լեկրան

 

2019-ի 26 յունուարին 86 տարեկանին կյանքէն հեռացած է հանրայայտ ֆրանսահայ երաժիշտ Միշել Լեկրանը: Ան ծնած է 1932 թուականին վարիեթէի նուագախումբի ղեկավար Ռահմոնտ Լեկրանի եւ սպանահայ Հայկանուշ Մարսել Տէր Միքայէլեանի ընտանիքին մէջ: Լեկրանը երեք անգամ «Օսքարի» արժանացած է լաւագոյն ստեղծագործութեան համար: Ան կը հանդիսանայ «Կրեմմիի» հնգակի, ինչպէս նաեւ «Ոսկէ կլոպուսի» դափնեկիր:

Մեսրոպ Մութաֆեան

 

Պոլսոյ մէջ 8 մարտին 64 տարեկանին մահացած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը:

Ֆրիտ Սողոյեան

 

31 Յուլիսին Մոսկուայի մէջ 83 տարեկան հասակին մահացած է յայտնի հայազգի քանդակագործ Ֆրիտ Սողոյեանը: Անոր զինանոցին մէջ աւելի քան 400 ստեղծագործութիւններ ընդգրկուած են: Անոր աշխատանքները կը պահուին Հայաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի թանգարաններուն մէջ, պատկերասրահներուն եւ մասնաւոր հաւաքածուներուն մէջ:


Շառլ Ժերար

 

20 Սեպտեմբերին Փարիզի մէջ 93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հանրայայտ ֆրանսահայ դերասան եւ բեմադրիչ Շառլ Ժերարը (Նուպար Աճեմեան): Ան ծնած է Մարսէլի մէջ` Ցեղասպանութեան տարիներուն Թուրքիայէն գաղթած հայերու ընտանիքի մէջ: Հանրաճանաչութիւն դերասանին բերած է «Խաղալիք» ֆիլմին մէջ կերտած դերը, ուր նկարահանուած է Փիեռ Ռիշարի հետ միասին:

Սամուէլ Մնացեան

 

5 Հոկտեմբերին 29 տարեկանին կեանքէն հեռացած է հայազգի հաքիի յետսապահ Սամուէլ Մնացեանը: Անոր մահուան պատճառ դարձած է օնքոլոկիական հիւանդութիւնը, որու դէմ ան մէկ տարի պայքարած էր:

Աշոտ Բոլյեան

 

13 Նոյեմբերին Մոսկուայի իր տան մօտ ստացած հրազէնային վնասուածքի պատճառով մահացած է բռնցքամարտի բազմակի ախոյեան Աշոտ Բոլյեանը: 2004-ին ան աւարտած էր մարզական ասպարէզն ու Հայաստանէն տեղափոխուած՝ Ռուսաստան:

Գոհար Վարդանեան

 

25 Նոյեմբերին 93 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է յայտնի խորհրդային հետախոյզ Գոհար Վարդանեանը՝ անուանի հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի կինը: