image

Անգարայի եւ Ապու Տապիի միջեւ սուր բանավէճ. Պատճառը Twitter-ն է

Անգարայի եւ Ապու Տապիի  միջեւ սուր բանավէճ. Պատճառը Twitter-ն  է

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործոց նախարարի կատարած գրառումը զայրոյթի բուռն ալիք բարձրացուցած է Անգարայի մէջ, որուն հետեւանքով Էմիրութիւններու դեսպանի պաշտօնակատարը Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է:

Խնդիրն այն է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործոց նախարարը թուիթըրեան իր էջին կիսած է Ալի Ալ Իրաքի կոչուած անձի մը գրառումը, որ ատամնաբոյժ է եւ Գերմանիա կը բնակի:

Ալ Իրաքի իր գրառման մէջ պատմած է, թէ 1916 թուականին Ֆախր Ալ Տին փաշա կոչուած իշխանը Ալ Մատինա Ալ Մունաուարայի բնակչութեան ունեցուածքը յափշտակելով զանոնք արտաքսած է դէպի Կ. Պոլիս ու Դամասկոս: Բացի անկէ, թուրքերը քաղաքի գրադարանի բոլոր մատեանները  գողնալով Թուրքիա ուղարկած են:

Նշուած գրառման պատճառով Անգարայի եւ Ապու Տապիի միչեւ բանավէճ սկսած է:

Ի պատասխան Պին Զայէտի արարքին, Էրտողան գրառում կատարելով շեշտած է, որ իր երկիրը տակաւին կը պահպանէ օսմանեան դարաշրջանին Ալ Մատինա Ալ Մունաուարայէն բերուած ու իրենց մօտ «պահ դրուած» հարստութիւնները:

 «Օսմանեան պետութիւնն ու անոր դաշնակիցները իրենց կեանքը տրամադրեցին Ալ Մատինա Ալ Մունաուարայի պաշտպանութեան գործին»,- պնդած է բորբոքած Էրտողան, աւելցնելով. «Ո՞ւր էր քու մեծ հայրդ, երբ մեր Ֆախր Ալ Տին փաշա մեծ հայրը Ալ Մատինա Ալ Մունաուարան կը պաշտպանէր»: