Ամերիկեան «New York Times» թերթը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն մասին յօդուած մը հրապարակած է, անդրադառնալով ԱՄՆ իշխանութիւններուն կողմէ Սուրիոյ մէջ քրտական տարածք ստեղծելու նախագիծին:
Թերթը նշած է, որ ԱՄՆ իշխանութիւնները Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ քրտական զօրք կը ստեղծեն, որպէս տարածաշրջանին մէջ ինքնիշխան քրտական պետութիւն ստեղծելու նախաքայլ, բան մը, որ կրնայ պառակտել երկիրը:
Նախագիծին համաձայն, բանակը բաղկացած պիտի ըլլայ 30 հազար անդամէ, սակայն Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան եւ Սուրիա դէմ արտայայտուած են յիշեալ նախագիծին:
Միւս կողմէ քիւրտ եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յայտնած են, որ ստեղծուելիք բանակը ոչ մէկ տարբներութիւն պիտի ունենայ Միջազգային Դաշնութեան ուժերէն, եւ անոր նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանները պաշտպանել: