Արաբական «Ալ Մայատին» հեռուստակայանը յայտնած է, որ Թունուզի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը երէկ, 8 դեկտեմբերին փակած է իր դռները, խուսափելով ցուցարարներու զայրոյթէն:
Ըստ աղբիւրի փոխանցած տեղեկութեան, բողոքի ցոյցը ուղղուած էր ԱՄՆ նախագահ Թրամբի դէմ, որ անցնող չորեքշաբթի օր Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցած էր: