ԱՄՆ ապագայ վարչակազմի Առաջին Տիկնոջ գրասենեակը պիտի վերանուանուի Առաջին Ընտանիքի գրասենեակ: Ընդ որում, Սպիտակ Տան մէջ պաշտօնական գործառոյթները պիտի համատեղեն նորընտիր նախագահին դուստրը՝ Իւանքան, եւ կինը՝ Մելանիան: Անոնք Թրամբին ամենասիրելի անձերն են: Այս մասին յայտնած Է «Fox News» կայանը՝ յղում կատարելով հանրապետականի անցումնային շտաբի աղբիւրներէն ստացուած տեղեկատւութեան:
Յիշեցնենք, որ Իւանքա Թրամբ յայտարարած Էր, թէ որոշած Է հեռանալ «Trump Organization» ընտանեկան ընկերութեան փոխնախագահի պաշտօնէն եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Ուաշինկթընի մէջ ընտանիքին հաստատման վրայ: «The New York Times» (NYT) թերթին փոխանցած տեղեկատւութեան համաձայն, Իւանքա, «յամենայնդէպս այս պահին» պաշտօն պիտի չփնտռէ հօր ապագայ վարչակազմին կամ Սպիտակ Տան բազմաթիւ խորհրդականներու շարքին:
Ինչպէս յայտնած Է «Washingtonian» հանդէսը, Իւանքա Թրամբ եւ Ճարէտ Քուշնըր պիտի բնակին մայրաքաղաքի Գալորամա հեղինակաւոր շրջանին մէջ՝ այն վայրէն ոչ հեռու, ուր իշխանական լիազօրութիւններու ժամկէտի լրացումէն ետք որոշած Է տեղաւորուիլ ԱՄՆ-ի վարչակազմի ներկայ ղեկավար Պարաք Օպամա:
35-ամեայ Իւանքա կը զբաղի ոսկերչական զարդերու, կօշիկի եւ զարդեղէնի սեփական շարքերու արտադրմամբ: Ան աշխուժօրէն սատարած է հօրը՝ ընտրարշաւի ժամանակ՝ աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով քարոզչական հանրահաւաքներուն եւ հրապարակային ելոյթներուն, կը հաղորդԷ «ԹԱՍՍ»: