Անցնող ուրբաթ օր ԱՄՆ նախագահ Թրամբի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցէն ետք Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ ԱՄՆ այլեւս քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն զէնք պիտի չտրամադրէ:
Նշուած յայտարարութեան յաջորդեցին շարք մը կանխագուշակութիւններ, որոնցմէ էր այն, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը Ռաքքայէն դուրս բերուելէ ետք ԱՄՆ որոշած է ձեռք քաշեն քիւրտ զինեալներէն, որոնք կը վայելէին իր աջակցութիւնը:
Ամերիկեան «Daily Best» կայքին համաձայն, ԱՄՆ առաջին անգամ չէ, որ խմբաւորումներու դէմ մղուող պայքարի աւարտին իր «գործակալներու» օժանդակութիւնը կը դադրեցնէ, եւ քիւրտերը քաջատեղեակ են այդ մէկէն:
Սակայն այս անգամ, ըստ կայքին, «դաւաճանութիւն»ը որոշ չափով այլ պիտի ըլլայ:
Ուաշինկթընի Ատլանտեան խորհուրդի անդամ Ահարոն Շթայնի կարծիքով, ԱՄՆ պիտի չհրաժարի քրտական ուժերուն հետ համագործակցելէ, որովհետեւ հակառակ անոր, որ հակամարտութիւնը թեթեւցած է, սակայն այնուամենայնիւ տակաւին չէ աւարտած, իսկ Թրամբ յայտարարած է, որ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն տրամադրուող անմիջական օժանդակութիւնը պիտի դադրեցուի, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ 2017 թուականի մայիսէն առաջ տիրող իրավիճակը պիտի վերականգնուի, երբ ԱՄՆ ուժերը ներկայ էին ու կը մասնակցէին պայքարին, առանց առանձնակի օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն կամ քրտական ինքնապաշտպանութեան միաւորներուն:
Նշուած է նաեւ, որ Միջազգային դաշնութեան ղեկավարները հաստատած են, թէ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն տրամադրուող օժանդակութիւնը պիտի պահպանուի, անգամ «Տահէշ»ի վերացումէն ետք: Դաշնութեան անդամ պետութիւններէն շատեր, ինչպիսիք են Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա բազմիցս շեշտած են, որ պատրաստ են միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրել Ռաքքայի մէջ խաղաղութեան պահպանման ի խնդիր:
Իր հերթին, Միջազգային դաշնութեան ուժերու պաշտօնական խօսնակ Ռայան Տելոն յայտարարած է, որ Դաշնութիւնը կը պարտաւորուի ռազմական գետնի վրայ պարտութեան մատնել «Իսլամական Պետութիւն»ը, ինչպէս նաեւ ապահովել վերջինիս այնտեղ չվերադառնալը, «հետեւաբար պիտի շարունակենք համագործակցիլ Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն հետ, շարունակելու համար ազատագրել մնացեալ տարածքները, որոնք «Տահէշ»ի տիրապետութեան տակ են, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակենք անվտանգութեան բոլոր միջոցառումները, որոնք պիտի նպաստեն այս շրջաններուն մէջ խաղաղութեան պահպանման»,- յայտարարած է ան: