image

Ամերիկահայեր Օպամայէն կը խնդրեն դատապարտել Կարօ Փայլանի վրայ յարձակումները

Ամերիկահայեր Օպամայէն կը խնդրեն դատապարտել Կարօ Փայլանի վրայ յարձակումները

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանի վրայ կատարուող յարձակումները՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային դատապարտել զայն։

«Հրանդ Տինքի կենդանութեան օրերուն, Հայ Դատի յանձնախումբը Ամերիկայի իշխանութեանց կոչեր կ'ուղղէր դատապարտելու անոր հետապնդումները, սակայն, ցաւօ՛ք, ապարդիւն մնացին այդ կոչերը», յայտարարած է յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ նշելով, որ վերջերս նոյնատիպ սպառնալիքներ սկսած են կատարիլ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հասցէին, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: «Հրանդ Տինք ցոյց տուաւ համարձակութիւն մը, որուն պակասը ունին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները: Ո՛չ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ո՛չ ալ Սպիտակ տունը կրցան նոյնիսկ մէ՛կ բառով պաշտպանել զինք (Տինքը) եւ ապա՝ ան սպաննուեցաւ: Սակայն, ամերիկեան կառավարութիւնը ըսելու բաներ գտաւ անոր մահէն ետք, զոր կանխարգիլելու համար ոչինչ ըրած էր։ Եկէք ձգտինք, որ նոյն ճակատագիրին չարժանանայ նաեւ Կարօ Փայլանը, որ խաղաղասէր է եւ արժանի աջակցութեան եւ ոչ թէ լռութեան», ըսուած է Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ: