Ամերիկացի զինուորականները վերադարձած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք, կը տեղեկացնէ ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն՝ յղում կատարելով սուրիական պետական հեռուստատեսութեան։
«Ամերիկեան զօրքերու շարասիւնը դուրս եկած է Իրաքէն եւ մտած սուրիական Հասաքէ նահանգ՝ ալ-Ուալիտ ապօրինի սահմանային անցումով։ Անոր կազմին մէջ կան տասնեակ զինուորականներ եւ ռազմական սարքեր, շարասիւնը կ'եզրափակուի ամերիկեան ուղղաթիռներով»,- տեղեկացուցած է Syria TV հեռուստաալիքը։
ԱՄՆ-ը եւ անոր դաշնակիցները 2014 թուականին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրականացուցած են գործողութիւն «Իսլամական պետութեան» դէմ, ընդ որում՝ Սուրիոյ մէջ գործած են առանց պաշտօնական իշխանութիւննեու համաձայնութեան։ Երկրի հիւսիս-արեւելքէն հեռանալու որոշումը Ուաշինկթըն կայացուցած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք Թուրքիոյ ներխուժումէն ետք։