Պաղեստինցի աղջնակը ապտակած է իսրայէլացի զինուորը
Իսրայէլեան ուժերը երէկ Ռամալլայի գիւղերէն մէկուն մէջ 16-ամեայ աղջիկ մը ձերբակալած են, կը յայտնէ պաղեստինեան «Մաա» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, իսրայէլեան ուժերը գիւղ ներխուժելով մտած են Ահտ Ալ Թամիմի կոչուող աղջնակին բնակարանն ու ձերբակալած զինք:
Վերջիններս ձերբակալման ժամանակ իրենց հետ տարած են նաեւ Ալ Թամիմի ընտանիքին պատկանող համակարգիչները, հեռախօսներն ու տեսախցիկները, ինչպէս նաեւ տակնուվրայ ըրած են բնակարանը:
Ըստ տարածուող լուրերու, Ահտի ձերբակալման նախօրէին համացանցի վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ տեսագրութիւն մը տարածուած է, ուր Ահտ իրենց տուն մտնել ցանկացող երկու իսրայէլցի զինուորներու մուտքն արգիլելով կը փորձէ ապտակել անոնցմէ մէկը:
Համացանցի ընկերային էջերու օգտատերերու համոզմամբ, յիշեալ տեսագրութիւնը պատճառ հանդիսացած է Ահտի ձերբակալման:
Տեսանիւթը դիտել այստեղ՝
https://twitter.com/i/web/status/943006249502892032