Ահաբեկչութիւն գրանցուած է Ֆինլանտայի մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Թուրքու քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ, երբ ահաբեկիչ մը իր կառքը ուղղած է անցորդներուն ուղղութեամբ:
Ներկայ պահու տուեալներով գրանցուած է 1 զոհ եւ կան 8 վիրաւորներ:
Ապահովական ուժերը խստագոյն դրութեան բարձրացուցած են վերահսկողութիւնը երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ: