image

Աֆրին. Քիւրտերը յայտնած են թուրք զինուոր սպաննելու մասին

Աֆրին. Քիւրտերը յայտնած են թուրք զինուոր սպաննելու մասին

Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական ազգային զինուած ջոկատներու (PYD/YPG) հրամանատարութիւնը յայտնած է Աֆրինի մէջ ռազմական գործողութիւն իրականացնող թրքական ԶՈւ-ի եւ անոնց աջակցող խմբաւորումներու՝ աւելի քան 200 զոհի մասին, այս մասին կը գրէ թրքական РИА Новости գործակալութիւնը:

Քրտական ուժերը յայտնած են ռազմական գործողութեան 5 օրերու ընթացքին 203 թուրք զինուորներու եւ անոնց աջակցող խմբաւորումներու զինեալներու մահուան մասին: Մինչդեռ Թուրքիան կը պնդէ, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մեկնարկէն ի վեր թրքական ԶՈւ-ն միայն 8 զոհ տուած է:

Երէկ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ թրքական ԶՈւ-ն կրցած է չէզաքացնել 260-է աւելի քիւրտ գրոհային Աֆրինի տարածքին: