Միացեալ Նահանգներ(CNN)- Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ռոնալտ Ռիկընի կինը՝ Նէնսի Ռիկըն այսօր կնքեց իր մահկանացուն: Այս մասին լուրը փոխանցեց CNN-ը յիշեցնելով, թէ Նէնսի Ռիկըն կը վարէր իր ամուսնոյն՝ Ռոնլըտ Ռիկընի անունը կրող կազմակերպութեան եւ անոր հովանիով գործող նախագահական գրադարանին ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը: Ամերիկայի 40-րդ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն մահացած էր 2004-ին (93 տարեկան):