image

84-Ամեայ Տիկին Քոլէթը հիասթափուած մեկնած է Հայաստանէն

84-Ամեայ    Տիկին  Քոլէթը  հիասթափուած  մեկնած է  Հայաստանէն

Հայկական արմատներ ունեցող արուեստաբան Քոլէթ Կիզէլ  84 տարեկանին առաջին անգամ Հայաստան այցելած է ու հիասթափուած՝  հեռու շրջաններու լքուած տուներն ու գործարանները տեսնելով:

«Երբ կ'անցնիս սահմանը, Վրաստանի սահմանով կ'անցնիս, այնտեղ կը տեսնես նոր շինութիւններ ու քանի մը քիլոմեթր անցնելէ ետք, կը տեսնես բոլորովին տխուր վիճակ՝ շրջակայքը աղտոտ է ու՝ լքուած: Սա ինձ, անկեղծ, շոկ պատճառեց: Մենք տեսանք լքուած տուներ, գործարաններ: Մենք տեսանք Սովետական Միութեան մնացորդներ»,- իր տպաւորութիւններու մասին  պատմած է կինը:

Եգիպտոս     հասակ առած Կիզէլի մայրը հայ է, որու ընտանիքը Մեծ եղեռնի ժամանակ գաղթած է Արեւմտեան Հայաստանէն:  Զինք  կոչած են   երեք  անուններով որոնցմէ մէկը հայկական է՝ Վարդ: Պելճիքացի հայրն ու հայ մայրը իրենց միակ զաւակին Հայաստանի մասին պատմութիւններով ու հայերէն երգերով մեծցուցած են, որոնք մինչեւ հիմա կը յիշէ:

«Միակ բանն է, որ մինչեւ հիմա կը յիշեմ հայերէնէն՝ «Հայաստան», «Ծիրանի ծառի տակին» երգերը: Մայրս այդ երգերը կը սորվեցներ ինձ, հայերէն հաշուել կը սորվեցնէր, Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան մասին կը պատմէր»,- նշած է   Տիկ. Կիզէլը:

Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը պատանի Քոլէթին  ստիպած է հայերէն սորվիլ: «14 տարեկան էի, հայրս նոր մահացած էր, որոշեցի հայերէն գրել կարդալ սորվիլ, մայրիկիս հետ իր մայրենի լեզուով խօսիլ»,- պատմեց 84-ամեայ կինը, որ առիթ չունենալով հայերէն խօսելու, մոռցած է սորվածը. «Թէեւ հիմա եթէ որոշ ժամանակ ապրիմ Հայաստան, հաստատ կը վերյիշեմ սորվածս»:

Դպրոցը աւարտելէ ետք տիկին Կիզէլ մեկնած է Անգլիա ուսանելու : Հակառակ ունեցած հետաքրքրութեան՝ չէ ուզած Հայաստան գալ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ Հայաստանը դարձած է անկախ երկիր: «Ես չէի ուզեր ԽՍՀՄ կազմի որեւէ երկիր երթալ, նոյնիսկ եթէ այդ երկիրը Հայաստանն էր: Ես չէի ուզեր Հայաստանը ճանչնալ որպէս ԽՍՀՄ: Ես չէի կրնար ազատ խօսիլ, ազատ ձեւով հարցեր ուղղել մարդոց»,- նշած է ան:

Անոր փոխարէն տիկին Կիզէլ  իր մտքին մէջ պատկերացուցած է հայ մարդու եւ Հայաստանի պատկերը: 84 տարեկանին, երբ առաջին անգամ Հայաստան եկած է  լիովին հիասթափուած է:

«Կարծիք յայտնել հիմա չեմ կրնար, որովհետեւ ատոր համար շատ ժամանակ պէտք է անցընեմ այստեղ, բայց կրնամ ըսել իմ առաջին տպաւորութիւնը: Ես հայերուն պատկերացուցած եմ աշխատասէր, քաջ, պայծառ, հպարտ, ինչը այստեղ չտեսայ: Այստեղ այն տպաւորութիւնը ստացայ, որ մարդիկ իրենց կը ներեն այն փաստով, որ Ռուսաստանի մաս եղած են, ես մարդկանց մէջ չեմ տեսներ իրենց կեանքը փոխելու մեծ ցանկութիւն»,- նշած է 84-ամեայ կինը:

Քոլէթ Կիզելը հայրենիքէն ստացած տպաւորութիւններու մասին պիտի պատմէ իր 3 որդիներուն ու անոնց զաւակներուն, որոնք նոյնպէս մինչեւ հիմա միայն լսած են Հայաստանի ու հայերու մասին:

 

 Նիւթը  քաղուած է  News.am -էն: