image

42 էմիրներու հարցով 150 սէուտցի էմիրներ թագաւորին հետ հանդիպում կը պահանջեն

42 էմիրներու հարցով 150 սէուտցի էմիրներ թագաւորին հետ հանդիպում կը պահանջեն

Սէուտական Արաբիոյ մէջ 150 էմիրներ նամակ յղած են թագաւորին, խնդրելով վերջինիս հետ հանդիպում ունենալ, քննարկելու համար թագաւորական ընտանիքի անդամ 42 էմիրներու ձերբակալման եւ բանտին մէջ խոշտանգումներու ենթարկուելու փաստը, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Նամակին մէջ նշուած է, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան հիմնադիր Ապտ Ալ Ազիզ թագաւորը ուշադիր էր էմիրներու նկատմամբ, կը պաշտպանէր վերջիններուս յարգն ու պատիւը, սակայն թագաւորական ընտանիքի անդամ 42 էմիրներու ձերբակալութենէն, բանտարկումէն ու խոշտանգումէն ետք թագաւորական ընտանիքի պատիւն ու հեղինակութիւնը արժեզրկուեցան:

Նամակը թագաւորին հասնելէ ետք վերջինս թագաւորական դիւանին յանձնարարած է հրաւիրել 150 էմիրները իր հետ հանդիպելու, նշելով, որ հանդիպման պիտի ներկայանայ առանձին եւ ոչ գահաժառանգ Մուհամատ Պին Սալմանի հետ:

Թագաւորը միաժամանակ հաւաստիացուցած է, որ ինք շատ նախանձախնդիր է թագաւորական ընտանիքի ու անոր էմիրներու պատուի պահպանման նկատմամբ, եւ խնդիրի լուծման պիտի նախաձեռնէ: