image

17 նոր պարագաներ. Արցախի մէջ գրանցուած է «Քորոնա»ով վարակուածներու ամենաբարձր թիւը

17 նոր պարագաներ. Արցախի մէջ գրանցուած է «Քորոնա»ով վարակուածներու ամենաբարձր թիւը

 

Արցախի մէջ հաստատուած է նոր «Քորոնա» ժահրային վարակի (COVID-19) 17 նոր դէպք: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութենէն:
Վարակակիրներէն 9-ը Ստեփանակերտի, 3-ը Շուշիի, 1-ը Դաշուշէնի, 2-ը Քարվաճառի, 1-ը Բրաջուրի բնակիչներ են, 1-ն ալ ՀՀ քաղաքացի:
Առողջացած է 1 քաղաքացի:

Առայսօր, COVID-19-ը ախտորոշուած է 421 մարդու մօտ, որմէ 338-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 81, ընդհանուր մեկուսացուած է 104 քաղաքացի: