image

12 զոհ՝ Հալէպի մէջ. Զինեալները թունաւոր հրթիռներ կ'արձակեն

12 զոհ՝ Հալէպի մէջ. Զինեալները   թունաւոր հրթիռներ  կ'արձակեն

Այսօր յետմիջօրէին  Հալէպի մէջ զոհուած են  12 անձեր, վիրաւորեալներուն թիւը  անցած  է  45-ը: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Սուրիոյ բանակը յաջողած է  ձախողութեան մատնել  անցնող  շաբաթներուն ամէնէն ծանր համարուած        գրոհը, որ կը նպատակադրեր  «կոտրել  պաշարման օղակ»ը: Ըստ նոյն աղբիւրին, ընդդիմադիր կոչուած զինեալները քլոր նիւթ պարունակող  հրթիռներ նետած են յատկապէս «Հալապ ալ ժատիտա» եւ «Ֆըրքան»   շրջաններուն  ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են  12 անձեր: Կը նշուի նաեւ, որ զոհերուն  մէջ կան երեխաներ:  Գալով հայկական շրջաններուն, ըստ  «Արեւելք»ի աղբիւրին, զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ  Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ:  Մեր  աղբիւրին համաձայն, կարգ մը հայկական վարժարաններ  վաղը փակ պիտի պահեն իրենց դռները: Նշենք, որ  վաղը  ճակատագրական օր մը կը սպասուի Հալէպի մէջ եւ կը նախատեսուի, որ օրեր ի վեր իրենց զարկերը  դադրեցուցած ռուսական   կործանիչները  գրոհներ իրականացնեն Հալէպի արեւելեան հատուածներուն ուղղութեամբ,  ուր  տեղակայուած են  արեւմուտքի կողմէ որպէս  «չափաւորական» ընդդիմութիւն ճանչցուած    ահաբեկիչ զինեալներու դիրքերը: