image

Արթուր Ալեքսանեանի նոր յաղթանակը Ղազախստանի մէջ

Արթուր Ալեքսանեանի նոր յաղթանակը Ղազախստանի մէջ

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը յաղթանակ արձանագրած է Ղազախստանի միջազգային մրցաշարին:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝  97 քկ քաշային կարգին Ալեքսանեանը եզրափակիչին մրցած է ռուս Ալքսանտր Կոլովինի հետ եւ յաղթած անոր:

2018 դեկտեմբերէն ետք սա Ալեքսանեանի առաջին միջազգային մրցաշարն էր: Ողիմպիական ախոյեանն այս ընթացքին բուժումներ ստացած էր ԱՄՆ-ի մէջ:

Հայաստանի միւս երկու ներկայացուցիչները՝ Արթուր Շահինեանը եւ Արմէն Մելիքեանը պարտուած են պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտերուն: Այս քաշային կարգին պրոնզէ մեդալներ նուաճած են Ռուսաստանի ներկայացուցիչներ Նիքիթա Մելնիքովը եւ Տանիլա Սոթնիքովը։