image

Եւրատեսիլ 2019-«Միասեռականներու համբոյր»ը շատ վատ արձագանգ ունեցած է Թէլ Աւիւի մէջ

Եւրատեսիլ 2019-«Միասեռականներու  համբոյր»ը   շատ  վատ արձագանգ  ունեցած է Թէլ  Աւիւի  մէջ

14 Մայիսին տեղի ունեցած է «Եւրատեսիլ-2019»-ի առաջին կիսաեզրափակիչը: Այն ուղիղ հեռարձակմամբ ցուցադրուած է նաեւ «Россия 1» հեռուստաընկերութեան եթերով: Հեռարձակման ժամանակ երկու տղամարդու համբոյրը յայտնուած է եթերին եւ բացասական արձագանգ ստացած:

Ինչպէս կը յայտնէ Gazeta.ru-ն, հեռուստադիտողները «տարօրինակ» համարած են որ նման տեսարաններ կը հեռարձակուին նման հեռուստատեսութեամբ: «Россия 1»-ի ուղիղ եթերը անոնք համարած են «Սոտոմ եւ Գոմոր»` միասեռականներու համբոյրը անուանելով խայտառակութիւն:

Յիշեցնենք, որ մրցոյթի երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 16 մայիսին: Այդ օրը առաջին համարի ներքոյ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սրբուկը: Եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 19 մայիսին: «Եւրատեսիլ-2019»-ը տեղի կ'ունենայ Թել Աւիւի մէջ: