Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող քրիստոնէական տարբեր ուղղութիւններու պատկանող եկեղեցիները փակ են այցելութիւններու եւ ծիսա-կատարութիւններու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը՝ յիշե-ցնելով, որ 2015 թուականին քիւրտերու եւ պետութեան միջեւ սկսած բախումներուն հետե-ւանքով մեծ վնաս կրած էին նաեւ կրօնական նշանակութիւն ունեցող շէնքերը:
Բախումներէ եւ աւերածութիւններէ ետք 2016 թուականի Մարտի 25-ին կառավարութիւնը Սուրի մեծ մասը պետութեան օգտին օտարելու որոշում կայացուցած էր: Օտարման ներկայացուած եղած է նաեւ Տիարպէքիրի հայկական Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որուն հիմնադրամը կառավարութեան որոշումը բողոքարկող հայց ներկայացուցած էր Վերաքննիչ դատարան: Դատարանը կառավարութեան որոշումը դադրեցնելու վճիռ կայացուցած էր, սակայն դատական գործընթացը տակաւին կը շարունակուի:
Նշուած է, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցին արդէն 3 տարի է, որ փակ է եւ այնտեղ արարողութիւններ չեն կատարուիր, իսկ տեղի հայ բնակչութիւնը կրօնական ծէսերու համար այլ եկեղեցի չունի:
Տարածքը, ուր կը գտնուի եկեղեցին, գրեթէ ամբողջութեամբ փակ է: Եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավարները քանի մը ամիս առաջ յատուկ արտօնութեամբ միայն կրցած էին եկեղեցի այցելել: Ս. Կիրակոսի հիմնական շէնքի պատերէն բացի միւս շինութիւնները վնասուած են, ապակիները՝ կոտրուած:
Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը բացի ներկայացուցած բողոքարկումէն, կապ կը պահպանէ պետական կառոյցներուն հետ: Անոնց խոստացած են, որ պետութիւնը պիտի հատուցէ վնասը: Բացի Ս. Կիրակոսէն իշխանութիւնները խոստացած են վերականգնել հայկական կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ ամենաշատ վնասը կրած էր: